ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ պետական հարցաքննիչ խորհուրդը, որ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հրահանգով հարցաքննած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան տուեալները, աւարտած է իր տեղեկագիրը, որ կը բաղկանայ 653 էջերէ։
Տեղեկագիրը ներկայացուած է իբրեւ «գաղտնի» տեղեկագիր, բայց անոր վերջին մասը հրատարակուած է նախագահութեան կայքին վրայ։ Հոն եւս կարգ մը նախադասութիւններ սեւով ծածկուած են, որպէսզի չխանգարուի դատավարութեան գնացքը։ Տեղեկագիրին վճիռը վերջին հաշուով այն է, որ թէ՛ լրաքաղութեան կազմակերպութիւնները, թէ՛ հանրային պաշտպանութեան մարմինները թերացումներ ունեցած են այս խնդիրին մէջ եւ չեն կրցած իրարու հետ գործակցիլ՝ պաշտպանելու համար Հրանդ Տինքի կեանքը, հակառակ անոր որ բոլորն ալ գիտէին, թէ վտանգներ կը սպառնային անոր կեանքին։
Տեղեկագիրի հեղինակները կը յանձնարարեն, որ պետական պաշտօնեաներու մասնակի ու գաղտնի անձեռնմխելիութեան վերջ տրուի ու պետական պաշտօնեաներն ալ առաջին դասակարգի դատարաններու մէջ հարցաքննութեան ենթարկուին։ Տեղեկագիրը կը ճշդէ նաեւ, որ դատական գործընթացը բացարձակապէս չէ գոհացուցած հանրային կարծիքը, փաստօրէն՝ դատական համակարգը դժկամակութիւն ցոյց տուած է հանրային ծառայութեան կոչուած պաշտօնեաները հարցաքննելու ու դատելու խնդիրին մէջ։
Տեղեկագիրը ակնարկութիւն կ՛ընէ նաեւ այն լուսանկարին, որ Տինքի սպանութենէն ետք հրատարակուեցաւ եւ որուն մէջ ոճրագործը կը տեսնուի թրքական դրօշակ մը պարզած վիճակով։