Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Շաբաթ, Մարտ 3ի երեկոյեան այցելեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան եւ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի, հոգեւոր դասուն ու պատրիարքարան հրաւիրուած համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ։ Նոյն օր նախարարը այցելութիւն տուած էր նաեւ յունական պատրիարքարան:
«Մարմարա» կը հաղորդէ թէ մէկ ժամուան յապաղումով էր որ նախարարը պատրիարքարան հասաւ եւ դիմաւորուեցաւ պատիւներով։
Արամ Սրբազան, իրեն կողքին ունենալով նաեւ քանի մը համայնքային ներկայացուցիչներ, հիւր նախարարին հետ առանձնացան հիւրասենեակին մէջ։ Հանդիպումը տեւեց 45 վայրկեան, մինչ դուրսը կը սպասէին համայնքի միւս ներկայացուցիչները։ Երբ գլուխ գլխի տեսակցութիւնը վերջացաւ, բոլորը մէկտեղուեցան մեծ դահլիճին մէջ։ Թուրք մամուլին արտօնուեցաւ, որ հետեւի խօսակցութիւններու առաջին փուլին, ապա նախարարը գլուխ գլխի մնաց համայնքայիններուն հետ, մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին։
Արամ սրբազան պատմեց, որ հայ համայնքը շատ կը ցաւի անցեալ շաբթուան Թաքսիմ հրապարակի ցոյցին ընթացքին պարզուած հակահայ լոզունգներուն համար։
Ան յիշեցուց, որ համայնքի խնդիրներէն մէկը կալուածներու խնդիրն էր։ Վարչապետին կարգադրութեամբ որոշուեցաւ վերադարձնել 1936ին գրաւուած կալուածները։ «Այս տեսակէտով երջանիկ ենք։ Այս երկրին մէջ ան, որ թուրք չէր, ոեւէ պետական պաշտօն չէր կրնար ստանձնել, ոստիկան իսկ չէր կրնար ըլլալ։ Աղուոր բաներու կարգին՝ տառապանքներ ալ ապրեցանք։ Թաքսիմի մէջ արտասանուած խօսքերը ցաւ պատճառեցին մեզի։ Դուք այս ժողովուրդը չէք կրնար նախատել այս կերպով», աւելցուց ան։
Արամ Սսբազան, ըսաւ, թէ այս երկրին մէջ եթէ հայերը չըլլան, Թուրքիոյ մէկ ոտքը հաշմանդամ կը մնայ:
Իր կարգին, Տաւութօղլու նախ ներողութիւն խնդրեց մէկ ժամուան յապաղումին համար։ Ան յիշեցուց, որ իր նախարարութեան մէջ պաշտօն առաջարկուեցաւ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուին, բայց ան չկրցաւ ընդունիլ այս պաշտօնը։ Նախարարը ըսաւ, որ պիտի յաղթահարուին բոլոր այն նախապաշարումները, որոնք հաշտ չեն թուրքերու ու հայերու կողմէ ստեղծուած միասնական մշակոյթին։ «Մենք կապ պիտի հաստատենք նաեւ այն հայերուն հետ, որոնք անցեալին այս երկիրը ձգեցին ու հեռացան։ Յառաջիկայ շրջանին նախապաշարումները պիտի յաղթահարենք ո՛չ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլ նաեւ Կովկասէն ներս», ըսաւ ան։ Երբ կ՛անդրադառնար Խոջալուի հանրահաւաքի ընթացքին պարզուած տգեղ վերտառութիւններուն՝ ան ըսաւ, որ ինք եւս կողմնակից չէր ու այս մասին իր առարկութիւնները յայտնած է հեռատեսիլով կատարուած զրոյցներու ընթացքին: