«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք «Ցաւը կիսելու եւ վէրքերը բուժելու առաջին քայլ» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին «մեզի հետ համատեղ ապրող հարիւրաւոր հայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց տուները, եւ ատիկա պէտք է յիշել»:


Ան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող ոեւէ մարդու համար դժուար է այս իրականութեան դէմ յանդիման գալ, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ երկու ժողովուրդները ընդհանուր ցաւեր ունին: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ ընդհանուր վէրքերը բուժելու ուղղուած քայլերու աշխուժացումը:
«Պատերազմի ընթացքին Անատոլուն մեծ ողբերգութիւններու ականատես եղած է: Ներքին ճնշումներու պատճառով հայերը ստիպուած եղած են իրենց տուները լքելու: Ատիկա պէտք է ընդունիլ: Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն, ինչպէս որեւէ կայսրութեան մէջ, պատերազմները մերթ ընդ մերթ կոտորածներու, աքսորի ու տեղահանութիւններու պատճառ եղած են: Այդ պատճառով մարդիկ ցաւ ապրած են եւ հանրութեան մէջ տարբեր արձագանգներ եղած են: Մենք նախընտրած ենք մոռնալ այդ ցաւերը: Անատոլուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները մեր սրտերուն մէջ թաղած ենք: Նոր սկիզբի համար ամէնէն գործնական լուծումը անցեալին կառչած չմնալն է: Ցաւերը զայրոյթ կը ծնին, զայրոյթը՝ ատելութիւն, իսկ ատելութիւնը՝ վրէժխնդրութիւն: Ճիշդ այդ պատճառով անցեալի ցաւերը փորփրելը որեւէ մէկուն օգուտ պիտի  չտայ», ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ այդ ցաւերէն պէտք է դասեր քաղել եւ պայքարիլ, որ այլեւս չկրկնուին: