Ատրպէյճանի  արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը բացառած է իր երկրի ներգրաւումը Իրանի դեմ որեւէ գործողութեան:


«Իրանի դէմ որեւէ գործողութեան մէջ Ատրպէյճանը ներգրաւուած չէ, եթէ նման գործողութիւն ըլլայ, Ատրպէյճանը երբեք պիտի  չաջակցի», ըսած է ան, նշելով, որ  իրենք կողմ են հարեւաններու միջեւ  բարեկամական յարաբերութիւններու  հաստատման սկզբունքին:
Յիշեցնենք, որ Ամերիկեան Foreign Policy ամսագիրը յօդուած մը հրապարակած էր, ուր ամերիկացի նախկին պաշտօնեայ մը կը յայտնէր թէ Ատրպէյճանը եւ Իսրայէլը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են Իրանի դէմ ռազմական հարուածի պարագային ատրպէյճանական օդանաւային  հնարաւորութիւնները  օգտագործելու մասին:
Նախարարը նշած է, որ այդ հնարաւորութիւնները պիտի չօգտագործուին Իրանի դէմ:
Մամետիարովը յիշեցուց նաեւ Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն  հետ, Մարտ 7ին,  Նախիջեւանի մէջ կնքուած եռակողմ համաձայնագրերը, ուր կ'որոշուէր իրարու դէմ չօգտագործել տուեալ այս համակարգը: