Ապակիէ հսկայական համերգասրահը, որ Եւրատեսիլի երաժշտական մրցումին համար յատկապէս կառուցուեցաւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ, համատարած գայթակղութիւններու առիթ տուած է: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ծախսած են 1 միլիառ տոլար այս շէնքին համար:

Իրան ապրող ազերիները Թուրքիոյ մէջ հաստատած են «Հարաւային Ատըրպէյճանի Թուրքերու ազգային խորհուրդ»ը, որուն  գըլխաւոր նպատակն է՝ Իրանի Ատրպատական նահանգին համար անկախութիւն ապահովել:

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիա Իսրայէլը ամբաստանած է Կիպրոսի գրաւուած թրքական հատուածի օդային տարածքը խզելու յանցանքով:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Պաքուի մէջ իրականացուելիք «Եւրոտեսիլ-2012» երգի մրցոյթին համար ծախսած են 1 միլիառ տոլար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Միր» հեռուստաալիքը:

Ատրպէյճանի   Արտաքին Գործոց  Նախկին  Նախարար  Կուլիեւ Պուտափեշթի  Մէջ  Ըսաւ. «Մենք  Հայաստանէն  Աւելի  Ուժեղ Ենք,  Կրնանք  Ղարաբաղը  Ետ Առնել,  Բայց  Կարգ  Մը Համաձայնագիրներ  Արգելք  Են»