Ապրիլ 24ի նախօրեակին

Վերջին տարիներուն անշրջանցելի ֆոլքլոր դարձած է. Ապրիլ 24ի շեմին՝ նախ «հակաթուրք» բանաձեւերու նախաձեռնութիւններու կամ ծրագիրներու մասին արձագանգներ կը հասնին ԱՄՆ-էն, ապա կը սկսի աւանդական այն արարը՝ աճուրդներ կը կատարուին այն մասին, թէ արդեօք ԱՄՆ-ու նախագահը այս տարի «ցեղասպանութիւն» բառը պիտի արտասանէ՞, թէ ոչ:

Եւ այս բոլորին դէմ Անգարա դիւանագիտական ծանր հրետանին գործի կը լծէ, նիւթական եւ այլ զոհողութիւններէ չի խուսափիր, երկրին բարձրաստիճան դէմքերը պատգամներ, հազիւ թէ քօղարկուած կամ կեղծօրէն քօղարկուած սպառնալիքներ կ'ուղղեն առ որ անկ է:

 

Էրտողան խրատներ կ'ուղղէ հոս - հոն

2012ը բացառութիւն չի կազմեր: Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Սէուլի մէջ գումարուած հիւլէական ապահովութեան վեհաժողովին, Թուրքիոյ վարչապետը այս  ուղղութեամբ արդէն առաջին խրատական մը տուաւ Օպամային՝ խնդրոյ առարկայ ընելով թուրք ժողովուրդին հոգեկան առողջութիւնն իսկ, եւ անոր դիտել տալով, թէ «Թուրքերը զզուած են այլեւս ամէն տարի Ապրիլ 24ի նախօրեակին նման պրկումներու, լարումներու մէջ ապրելէ»:
Էրտողան եւ Տաւութօղլու, այս անգամ ալ Հիլարը  Քլինթընի՝ Ապրիլ 1ին, Պոլսոյ մէջ գումարուած Սուրիոյ Բարեկամներու խորհրդաժողովին ներկայութենէն օգտուելով, իրենց մրճահարումի աշխատանքը շարունակած են: Անոնք կարեւոր երեք պատգամ- ներ փոխանցած են ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նա-խարարուհիին: Առաջինը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին: Էրտողան եւ Տաւութօղլու ըսած են որ «Ցեղասպանութեան բանաձեւը անվայել է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն եւ կը գործածուի խաղալիքի նման: Ասիկա այլեւս պէտք է վերջ գտնէ»: Քլինթըն պատասխանած է, որ կը հասկնայ Թուրքիոյ զգայնութիւնը եւ կը հաւատայ, որ այս տարի եւս Ապրիլ 24ի կապակցութեամբ կարեւոր զարգացում պիտի չարձանագրուի: Էրտողան եւ Տաւութօղլու այս առիթով ըսած են, որ իրենք կÿուզեն Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել, բայց Երեւան պէտք է փրկուի ներքին քաղաքականութեան մտահոգութիւններէն ու պէտք է հրաժարի Ցեղասպանութեան առնչուող պնդումներէն:
Անոնց երկրորդ պատգամը վերաբերած է Յունաստանին: Քլինթըն դիտել տուած է, որ իր երկիրը գոհ է կրօնական այն բարեփոխումներէն, որոնք ընդունուեցան Թուրքիոյ մէջ, բայց կը սպասեն նաեւ Խալքիի  Յունաց Դպրեվանքի բացումին: Թուրքիոյ ղեկավարները պատասխանած են, որ այդ մասին աշխատանք կը կատարուի, բայց պէտք է որ յոյներն ալ բարելաւեն  Թրակիոյ մէջ ապրող թուրքերուն կացութիւնը:
Որպէս երրորդ պատգամ, Էրտողան ու Տաւութօղլու դիտել տուած են, որ Կիպրոսի մէջ այլեւս սպառելու վրայ է թրքական բաժնի նախագահ Տէրվիշ Էրօղլուի համբերութիւնը: