Ատրպէյճանցի լրագրող եւ վերլուծաբան Ասեֆ Կուլիեւ լրագրողական հետաքննութիւն կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան հետ շփման գիծին վրայ եւ բացայայտած է, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կը թաքցուին բանակին մէջ կատարուող շարք մը սպանութիւններ եւ այլ փաստեր:

Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան մնացորդներուն ծանօթանալու համար, Թուրքիոյ մէջ շրջագայող ֆրանսաբնակ հայերուն խումբը հանդիպում մը ունեցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հետ:


«Ո՛չ մէկը բան մը կը շահի, եթէ գործածէ լեզու մը, որ դիմացինին ցաւերն ու վէրքերը գրգռելէ ուրիշ գործի չի ծառայեր», ըսած է Կիւլ:

ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Թուրքիոյ նախկին նախագահ Թուրկլութ Էօզալի մահէն 19 տարի ետք, անոր մօտիկ զօրակիցները եւ բարեկամները անցնող շաբաթավերջին յայտնած են, թէ նախագահը իր պաշտօնավարութեան ընթացքին փորձած է «լուծել» Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը՝ պնդելով, թէ ան պատրաստ է հայերուն ի նպաստ որոշ «զիջումներ» կատարելու:

«Զաման»ի Յօդուածագիրը
Հայերուն Վնասուց Հատուցում Կատարելու
Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական մամուլը, Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրուան՝ Ապրիլի 24ին ընդառաջ եւ վերջ,  Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն կապուած յօդուածներու հրապարակում կատարեց: