Մինչ, Պաղըշ եւ Պահչէլի, Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումի «շօու»եր կը շռայլեն, եւ անոնցմէ առաջինը Զուիցերիոյ մէջ, -ուր ի զօրու է պատժելիութեան օրէնքը-, կը խուսափի անկէ՝ շնորհիւ դիւանագէտի իր անձեռնմխելիութեան, Սլովաքիոյ Բարձրագոյն ատեանի նախագահ Սթեֆան Հարապին յայտարարած է, թէ այդ ուղղութեամբ իր երկիրը անդրդուելի պիտի ըլլայ:

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկի մը առթիւ արտայայտուելով՝ Հարապին ըսած է, թէ ոեւէ անձ որ Սլովաքիոյ մէջ պիտի ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առանց այլեւայլի, ինչ որ ալ ըլլայ իր կարգավիճակն ու աստիճանը, հինգ տարի բանտարկութեան պիտի դատապարտուի:
Այս խօսքերուն առաջին հակազդեցութիւնը եկած է Էկէմէն Պաղըշէն: Երեկոյթի մը ընթացքին, անդրադառնալով Հարապինի արտայայտութիւններուն՝ թուրք նախարարը ըսած է. «Ան իր հասակէն վեր բաներ մը ըսեր է թուրքերու դէմ։ Անոր պիտի պատասխանեմ իրենց իսկ առածով։ Արդարեւ սլովաք առած մը կ'ըսէ. «Սուտին մէկ ոտքը կարճ է»։
Պաղըշ յանձնարարած է, որ մարդիկ իրական նիւթերով զբաղին՝ փոխանակ «սուտ պնդումներ»ու հետեւելու...