Տարի մը առաջ էր մօտաւորապէս երբ Կարսի մէջ տեղադրուած «հայ-թուրք բարեկամութեան» յուշարձանը ամէնաբուռն հակազդեցութիւններու առիթ տուաւ, նոյնինքն Էրտողանի կողմէ «տգեղ» որակուելով եւ կարճ ժամանակուայ մէջ վար առնուելով...

Մեր ընթերցողները կը յիշեն թէ մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ երկար ամիսներ տեւած բանավէճեր ունեցան այդ յուշարձանի կապակցութեամբ:
Այս անգամ նոր յուշարձան մը կուգայ դարձեալ բարդութիւններ ստեղծելու: Խօսքը կը վերաբերի ժամացոյց-ցայտաղբիւրի մը, որ կանգնեցուած է Ֆեթիյէ մզկիթի (նախապէս կը գործէր որպէս ռուսական եկեղեցի) դիմացը: Կարսի մէջ գործող Կովկասեան հնագիտութեան եւ արուեստից համալսարանի աշխատակից Մուհամեթ Արսլան, դիտել կուտայ թէ մզկիթին առջեւ կանգնեցուած ցայտաղբիւրը չի յարգեր շէնքին եկեղեցի մը ըլլալու անցեալը եւ յարիր չէ անոր ճարտարապետական ոճին: Տեղական իշխանութիւնները միւս կողմէ, դիտել կուտան թէ Ֆեթիյէ կը նշանակէ «նուաճում» եւ այս պատճառով՝ շատ յարմար է յուշարձանի գոյութիւնը...