Սուրիոյ ազատ բանակը յայտարարած է, թէ գրաւած է թուրք-սուրիական սահմանային կէտեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:


Թուրք-սուրիական սահմանի մօտակայքը գտնուող սուրիական գիւղերուն մէջ ընթացած մարտերուն ընթացքին կառավարական զօրքերը ետ քաշուած են եւ սահմանը այժմ կը վերահսկեն ընդդիմադիր ուժերը:
Սուրիոյ ընդդիմութիւնը երկրի կառավարական ուժերուն դէմ լայնածաւլ գործողութիւններ կը կատարէ: