«Ատրպէյճանի անհետեւողական քաղաքականութիւնը կը  վտանգէ  Հայաստանի ջանքերը»  կը  յայտարարէ ՄԱԿի  ընդհանուր քարտուղարը

Հրապարակուած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի «Աւանդական սպառազինութիւններու վերահսկումը տարածաշրջանային ու ենթատարածաշրջանային մակարդակներով» զեկոյցը, որուն մէջ ներկայացուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ սպառազինութիւններու հետ կապուած իրավիճակը:


Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, թէ Ատրպէյճան սպառազինութիւններ գնելու վտանգաւոր արշաւի մը սկսած է՝ խախտելով երկիրին վերապահուած զէնքերուն թիւերը, որոնք սահմանուած են Եւրոպայի մէջ աւանդական սպառազինութիւններու մասին պայմանագիրով:
«Ատրպէճան գերազանցած է պայմանագիրով սահմանափակուած երեք տեսակի սպառազինութիւններու քանակը: Ատրպէյճանցիները ունին 381 մարտական հրասայլ՝ թոյլատրելի 220ին փոխարէն, հրետանային սպառազինութեան 518 միաւոր՝ թոյլատրելի 285ի փոխարէն, եւ 287 մարտական զրահամեքենայ՝ թոյլատրելի 220ի փոխարէն», նշուած է զեկոյցին մէջ:
«Ատրպէյճանի անհետեւողական քաղաքականութիւնը բացասական մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ տարածաշրջանին մէջ վստահութեան ու համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղուած Հայաստանի ջանքերուն վրայ», գրուած է զեկոյցին մէջ:
Անցեալ տարի Ատրպէյճան իր հրետանային զինատեսակներու քանակը աւելցուցած էր 47% տոկոսով, հարուածային ուղղաթիռները‘ 2-ով, իսկ զրահամեքենաները՝ 106-ով:
Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէի զգալի յաւելումը վերջին տարիներուն ընթացքին (այս տարի ռազմական ծախսերու համար Պաքու նախատեսած է 3,47 միլիառ տոլար), ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական ղեկավարութեան մշտական յարձակողական ու կոշտ ռազմական հռետորաբանութիւնը կը մեծցնեն երկու ազգերուն միջեւ անդունդը, սրելով լարուածութիւնը եւ վտանգի ենթարկելով ընդհանուր իրավիճակը, մասնաւորապէս ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած բանակցային գործընթացը:
«Այս առումով, Ատրպէյճանի անհետեւողական քաղաքականութիւնը բացասական մեծ ազդեցութիւն ունի տարածաշրջանէն ներս վստահութեան ու համագործակցութեան մթնոլորտին ինչպէս նաեւ Հայաստանի ջանքերուն վրայ»,- գրուած է զեկոյցին մէջ: