ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԹԷ ՊԻՏԻ ՉԽԱՆԳԱՐԷ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երուսաղէմի եւ Պաքուի միջեւ «սերտ եւ բարեկամական» յարաբերութիւնները յանկարծ մթագնեցան՝ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն տրուած այցելութեամբ։

Այս մասին յայտնած է իսրայէլական «Էտիոթ Ահրոնոթ» հրատարակչութիւնը՝ նշելով, որ իսրայէլցի զբօսաշրջիկներուն Ղարաբաղ տուած այցելութիւնը մեծապէս զայրացուցած է Պաքուն։ Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանին այդ առնչութեամբ բողոքագիր յանձնուած է։
Այս օրերուն Լեռնային Ղարաբաղ այցելած են իսրայէլացի զբօսաշրջիկներու խումբ մը՝ ճիփերով, որոնք զար¬ դարուած էին Իսրայէլի եւ Հայաստանի դրօշներով:
«Էտիոթ Ահրոնոթ»ի համաձայն, Ատըրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները բացատրութիւններ պահանջած են այս ուղեւորութիւնը կազմակերպած «Մակմա Չելընճ» զբօսաշրջային ընկերութենէն, որմէ ետք ներկայացուցած են բողոքագիր։
Իսրայէլական աղբիւրներու համաձայն, այս ճամբորդութիւնը կազմակերպած «Մակմա թրեվըլ»ը սեփական կառոյց է եւ պտոյտներ կը կազմակերպէ դէպի տարբեր երկիրներ։
Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպան Միխայիլ Լոտեմը տեղական լրատուամիջոցներուն խօսելով, յայտնած է թէ զբօսաշրջիկներու այցելութիւնը անհատական բնոյթ ունէր եւ որեւէ ձեւով կապակցուած չէ Իսրայէլի պաշտօնական դիրքորոշման։