Հայկական կառոյցները կը զգուշացնեն
Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի հայկական կառոյցներու պատասխանատուները հանդէս եկած են նախազգուշական յայտարարութեամբ, ի տես վաղը Յուլիս 27ին, Լատին Ամերիկա նախատեսուած Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի պաշտօնական այցելութեան:
Մամուլի յայտարարութիւններով, ինչպէս նաեւ ուղղակի կապ հաստատելով իրենց երկիրներու կառավարական շրջանակներուն հետ, զգուշացուցած ու յիշեցուցած են, որ Ատրպէյճանը հակահայ եւ ռազմատենչ քաղաքականութիւն կը վարէ ամբողջ աշխարհին մէջ:
Հայկական կառոյցներու պատասխանատուները նաեւ ընդգծած են, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է խաղաղ կարգաւորում ստանայ՝ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ, եւ յոյս յայտնած են, որ Ատրպէյճանի հետ գործակցութեան պարագային որոշումներ կայացընելու ժամանակ՝ Հարաւային Ամերիկայի երկիրները նոյն այդ սկզբունքով պիտի շարժին եւ իրենց ներկայացուցած հիմնաւոր փաստարկներով:
Էլմար Մամետիարովը պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Գոլոմպիա, Փերու, Արժանթին եւ Ուրուկուէյ: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի այցելութեան հիմնական նպատակն է որոնել նոր շուկաներ՝ իր երկրի տընտեսական կապերը ընդլայնելու համար: