Իւնէսքօ կը մոռնա՞յ Ջուղայի հայկական խաչքարերու քանդման իրողութիւնը...
* * * * * * * * * *
Ո՞ւր կորսնցուց միջազգային մշակոյթի պաշտպանութեան իր առաքելութիւնը...
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնուհին՝ տիկին Իրինա Պուքովա եւ Ատրպէյճանի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը՝ Էպուլֆէյզ Քարաեւ համաձայնագիր մը ստորագրած են:
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ միջազգային այս Կազմակերպութեան հետ գործակցութեան սերտացում բոլոր բնագաւառներուն մէջ, բայց մանաւանդ՝ ատրպէյճանական 5 միլիոն տոլարի նուիրատւութիւն մը: Համաձայնագրի կնքումի արարողութիւնը տեղի ունեցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Իլհամ Ալիեւի կնոջ՝ Մեհրիպան Ալիեւայի ներկայութեան, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպանուհին է...
Այսպէսով, Նախիջեւանի խաչքարերու քանդումի թղթածրարը գոնէ տասնամեակ մը, եթէ ոչ վերջնականապէս, թաղուած պէտք է համարել։