ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պատմական Հայաստանի Կարս նահանգի Աքիաքայի շրջանէն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը հատած Մուսթաֆա Ուլքերի դիակը Հինգշաբթի, Օգոստոս 1ին յանձնուած է թրքական կողմին:
Թրքական «Ճիհան» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ հայ-թրքական սահմանը խախտած եւ ռուս սահմանապահներու կրակոցին հետեւանքով մահացած 35ամեայ հովիւին դին վերցնելու համար, հայկական կողմին հետ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են եւ համապատասխան արձանագրութիւններ ստորագրուած, այնուհետեւ թրքական կողմը վերցուցած է մահացած հովիւին դին եւ զայն տեղափոխած Արփաչա, ուրկէ աւելի ուշ պիտի ուղարկուի Էրզրում:
Ըստ թրքական մամուլին՝ թուրք հովիւը Յուլիս 31ի երեկոյեան խախտած էր Հայաստանի սահմանը: Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանամերձ վարչութիւնը տեղեկացուցած է, թէ կը հետաքննէ հայ-թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցած մահացու միջադէպին ծալքերը՝ խոստանալով միջադէպին մանրամասնութիւնները բացայայտել հետաքննութեան աւարտէն ետք: