2010էն սկսեալ Սումելայի վանքէն ներս պատարագ կը մատուցուի Օգոստոս 15ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Էրտողանի կառավարութեան կողմէ տրուած յատուկ արտօնութեան հիմամբ, որ կը նախատեսէ «կրօնական պաշտամունքի սահմանափակումներու   աստիճանական վերացում»:

Թուրքիոյ ժողովրդավարացման ուղղուած նոր օրինագիծ

Ընտրական օրէնքին, փոքրամասնութիւններուն կողմէ օգտագործուող լեզուներուն (բացի թրքերէնէ) եւ լաչակի գործածութեան վերաբերող դրոյթներ ներառնուած են Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի կողմէ երէկ յայտարարուած՝ երկրի ժողովրդավարացման նոր ծրագրին մէջ:

«Հրանդ Տինքը Թուրքիոյ Մարթին Լութըր Քինկն էր՝ պայքարելով խտրականութեան դէմ, յանուն հաւասարութեան եւ ազգային միասնութեան», թրքական «Թարաֆ» թերթին մէջ հրապարակած յօդուածի մը մէջ գրած է յայտնի թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ:

«Մարմարա» կը հաղորդէ թէ 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերու յիշատակութեան առիթով՝ ոստիկանական լայն միջոցներ ձեռք առնուած էին Կալաթասարայի եւ Թաքսիմի շրջանակին մէջ։

«Ակօս» թերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանին մէջ երէկ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17ին վերսկսած Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան առաջին նիստին ընթացքին, որոշուած է կրկին ձերբակալել Տինքի սպանութեան մասնակցելու յանցանքով մեղադրուող Էրհան Թունճելը,