Յունական defencenet.gr կայքէջը կը հաղորդէ թէ բացայայտ իրողութեան մը հաստատումը կատարուած է Թուրքիոյ մէջ, դատական վճիռի մը հետեւանքով:

«Նիուզ» լրատուական կայքի լրագրող Արթուր Յակոբեան յօդուած մը հրատարակած է Տէրսիմի իսլամացած հայերուն մասին:

Ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը, Սեպտեմբեր 16-ին հրապարակեց Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերուն դէմ կռուող ազերի իսլամ ծայրայեղականներու առաջնորդ Ապու Եահիա Ալ Ազերիի սպանութեան լուրը։

Անցեալներս հաղորդած էինք լուր մը, ըստ որուն «Հայկական պնդումներուն դէմ պայքարի միութիւնը» պնդած էր, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին հայկական եկեղեցի չէ, այլ փեչենեք քրիստոնեայ թուրքերուն կը պատկանի:

Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ յատկապէս ծպտեալ հայերու նկատմամբ նիւթերուն խիստ զգուշութեամբ կը մօտենան Թուրքիոյ իշխանութիւնները: