Կաթողիկէ աշխարհի քահանայապետ՝ Ֆրանսիսքոս պապը 2014ի Նոյեմբերին Թուրքիա պիտի այցելէ:
Թրքական մամուլը կը հաղորդէ թէ Վատիկանի կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւններու համաձայն, Վատիկան սկսած է նախապատրաստուիլ այս այցելութեան: Ֆրանսիսքօ պապը ինչպէս ծանօթ է, Մարտին ընտրուեցաւ կաթողիկէ աշխարհի գահակալ եւ իր գահակալութեան արարողութեան ընթացքին ընդունած էր Յունաց տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոսի հրաւէրը:
Թրքական մամուլը կը գրէ թէ այս այցելութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի կաթողիկէ եւ ուղղափառ աշխարհի համար ու կրնայ զարգացնել կրօնքներու միջեւ երկխօսութիւնը:
Նշենք, որ այցելութեան թուականն ալ կարեւորութիւն կը ստանայ, զուգադիպելով Պոլսոյ մէջ օրթոտոքս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ 330ին Հռոմէական կայսրութեան կողմէ զայն ճանչնալու օրուան՝ 30 Նոյեմբերին: Յայտնի չէ եթէ պապը Անգարա պիտի այցելէ թէ ոչ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսիսքոս պապը մի քանի առիթներով խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին, նոյնիսկ աւելի անդին երթալով եւ ուղղակիօրէն պահանջելով Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը:
Ֆրանսիսքօ պապը չի դադրիր ընկերային բոլոր հարցերուն շուրջ յստակ տեսակէտներ արտայայտելէ: Ան երկու օր առաջ, Պրազիլի մէջ երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով իր ունեցած ելոյթին՝ դէմ արտայայտուեցաւ թմրեցուցիչներու օրինականացման հարցին, մօտեցում մը, որ լատին ամերիկեան որոշ երկիրներու ղեկավարներու զօրակցութիւնը կը վայելէ: Պապը ըսած է, թէ օրինականացումով չեն փրկուիր թմրամոլները։ Ան կոչ ըրած է, ձերբազատելու թմրեցուցիչներէն՝ խոստանալով եկեղեցւոյ աջակցութիւնը։