Թուրքիա-Պուլկարիա սահմանագիծին վրայ, այսօր սկսան ցանկապատի մը կառուցման շինութիւնները: 30 քիլոմեթր երկարող ցանկապատի կառուցմամբ՝ Սոֆիա կ'ակնկալէ նուազեցնել անօրինական ներգաղթը երկրէն ներս:

Ցանկապատը կը կառուցուի սահմանամերձ Էլհովօ քաղաքին մօտ: Նախագիծի արժէքը կը կազմէ 5 միլիոն եւրօ, ըստ Պուլկարիոյ պաշտպանութեան նախարար Ակէլ Նանտէնովի, որ պատասխանատու է այս գործը ստանձնած պուլկարական զինուորական ուժերուն: Շինութիւնը կը նախատեսուի աւարտել 45-60 օրէն, ըստ եղանակային պայմաններուն:
Նշենք, որ ներկայիս 9.500 հոգի են Սուրիայէն Պուլկարիա ապաստանած գաղթական- ները:
Այս տարուայ սկիզբին հրատարակուած տուեալներու հիմամբ, գաղթականներու մեծ մասը հաստատուած է սահմանամերձ քաղաքներու մէջ հաստատուած գաղթավայրերու մէջ, ինչպէս եւ Հարմանլի եւ Սոֆիայի մէջ: Մնացեալները՝ վարձած են բնակարաններ:
Amnesty International եւ մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութիւններ քննադատած են Պուլկարիոյ մէջ գաղթականներուն տրամադրուած վայրերուն պայմանները: Այս քննադատութիւններուն պատասխանած է պուլկարացի պաշտօնակատար Ցիրփանլիէվ, դիտել տալով թէ հետզհետէ կը բարելաւուին գաղթավայրերու պայմանները, Եւրոպական Միութեան կողմէ ստացուած 5 միլիոն եւրոյի օժանդակութենէն ետք: