Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերները համացանցի ճամբով՝ Աթէնքէն հետեւեցան խորհրդաժողովին

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի յանձնախումբի Պրիւքսելի գրասենեակին մէջ, Շաբաթ, 10 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողով- սեմինար մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան եւ քննարկուեցան Հայ Դատի աշխատանքներու ոլորտն ու գալիք երկու տարիներու ծրագիրները։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ի երեկոյեան վաւերացուց կրօնական ազատութիւններու մասին թիւ 306 բանաձեւը, որ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները, եկեղեցական կալուածներն ու ստացուածքները վերադարձնել իրենց պատմական իրաւատէրերուն, թոյլատրել անոնց մէջ հոգեւոր արարողութիւններ ու նորոգութիւններ կատարել ու վերջ տալ կրօնական խտրականութիւններուն։

Իւրաքանչիւր գիտաժողով կրնայ ընդգրկել միաժամանակ դրական եւ ժխտական երեւոյթներ, որոնք կը բխին տուեալ գիտաժողովի մասնակիցներէն կամ մթնոլորտէն:

Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Ռէուվեն Ռեւլինի երկրէն բացակայութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որպէսզի հայկական բանաձեւի քննարկումը յետաձգուի մինչեւ ամսու վերջ:

Ըստ Սլովաքիոյ գերագոյն դատարանի նախագահ, փոխ վարչապետ Շթեֆան Եարապինի, եթէ ոեւէ անձ Սլովաքիոյ մէջ, օտար թէ տեղացի, կամ Սլովաքիոյ ոեւէ քաղաքացի՝ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ, հանդէս գայ Ցեղասպանութիւնը մերժող յայտարարութեամբ, ապա պիտի ենթարկուի 2-5 տարուայ ազատազրկման