Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ի երեկոյեան վաւերացուց կրօնական ազատութիւններու մասին թիւ 306 բանաձեւը, որ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները, եկեղեցական կալուածներն ու ստացուածքները վերադարձնել իրենց պատմական իրաւատէրերուն, թոյլատրել անոնց մէջ հոգեւոր արարողութիւններ ու նորոգութիւններ կատարել ու վերջ տալ կրօնական խտրականութիւններուն։


Քոնկրեսական Էտ Ռոյս իր արտասանած խօսքին ընթացքին նշեց. «Հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերջին շրջանին կը պնդէր, որ կրօնական ազատութիւններու հարցին մէջ իրենք յառաջընթաց ապահոված են, Թուրքիոյ քրիստոնեայ համայնքները կը շարունակեն խիստ խտրականութիւններու ենթարկուիլ»։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դրուատեց բանաձեւին վաւերացումը, շնորհակալութիւն յայտ-նելով բոլոր այն քոնկրեսականներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան եւ ի նպաստ քուէարկեցին:

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ'ողջունէ

Հայաստանի Երկիր Մետիա հեռատեսիլին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի որոշումը՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական եկեղեցիներու վերադարձին գծով:
Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ կոնգրէսի այս որոշումը դրական ու գնահատելի քայլ մըն է զոր պէտք է օգտագործել ճիշդ կերպով:
Ան դիտել տուաւ թէ երկու կարեւոր կէտերու վրայ հարկ է յատուկ ուշադրութիւն ընծայել, առաջին ՝ շարժուն եւ թէ անշարժ ինչքերու,  ձեռագիրներու եւ ծիսական սպասներու վերադարձի, եւ երկրորդ՝ կալուածներու  վերադարձի մասին իրենց իրաւատիրոջ: