Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը Պեռլինի մէջ հանդիպած է գերմանական Պունթեստակի նախագահ Նորպերտ Լամմերթի հետ, որ շնորհաւորած է Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակը եւ նշած, որ Հայաստանի խորհըրդարանի ղեկավարի այցը Պեռլին նոր լիցք պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն եւ միջ խորհրդարանական համագործակցութեան:
Յովիկ Աբրահամեան ըսած է, որ մեր երկիրը կը կարեւորէ Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը եւ հայ-գերմանական համագործակցութիւնը կը դիտէ որպէս կարեւոր բաղադրիչ՝ Հայաստանի եւրոպական համարկման քաղաքականութեան ծիրէն ներս:
Անդրադարձ կատար- ւած է տարածաշրջանային խնդիրներու, արցախի խնդրին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Վերջին հարցով ԱԺ նախագահը նշած է, որ Թուրքիա ոչ միայն յառաջընթաց չէ արձանագրած այս հարցին մէջ, այլեւ առաջ կը քշէ արձանագրութիւններով ամրա- գրուած դրոյթներուն հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող նախապայմաններ:
Նորպերտ Լամմերթ ըսած է 2005ին Գերմանիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ, ուր դատապարտուած է Գերմանիոյ կառավարութեան դերակատարութիւնը այդ ողբերգութեան մէջ: