Նոյեմբեր 18-20, Ղրխզիստանի մայրաքաղաք Պիշկեկի մէջ գումարուեցաւ «Ընդարձակ Եւրոպա» հերթական համաժողովը, որ նուիրուած էր Ղրխզիստանի խորհրդարանական ժողովրդավարութեան հաստատման։
Համաժողովը կազմակերպուած էր Շուէտի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան՝ Օլոֆ Փալմէ միջազգային կեդրոնի եւ «Ատա Մեկէն» ընկերվարական կուսակցութեան համագործակցութեամբ։
Համաժողովին ներկայացուեցան զեկուցումներ տուեալ երկրի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակի մասին, կատարուած եւ կատարուող բարեփոխումներու մասին, ղրխզ մեծամասնութեան եւ ուզբեկ փոքրամասնութեան միջեւ ազգամիջեան յարաբերութիւններու վիճակի մասին։
Համաժողովի արտասահմանցի մասնակիցները զեկոյցներ ներկայացուցին իրենց երկիրներու մէջ տիրող քաղաքական զարգացումներուն շուրջ:։
Օտար հիւրերուն ընդունեց երկրի գործող նախագահ Ռոզա Օտունբաեւան։ Հանդիպումներ կայացան նաեւ խորհրդարանի խմբակցութիւններու պատգամաւորներու հետ:
Համաժողովին մասնակցեցան Ղրխզիստանի, Տաճիկիստանի, Ղազախըստանի, Պելառուսի, Ռուսաստանի, Մոլտովայի, Վրաստանի, Հայաստանի, Լիտվայի, Էսթոնիայի եւ Շուէտի ընկերվարական եւ սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Ղրխզիստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հայաստանէն կը մասնակցէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը։