Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերները համացանցի ճամբով՝ Աթէնքէն հետեւեցան խորհրդաժողովին
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի յանձնախումբի Պրիւքսելի գրասենեակին մէջ, Շաբաթ, 10 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողով- սեմինար մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան եւ քննարկուեցան Հայ Դատի աշխատանքներու ոլորտն ու գալիք երկու տարիներու ծրագիրները։
Իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Անգլիոյ, Սպանիոյ, Պուլկարիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներ, անդամներ եւ աշխատակիցներ։ Մասնակիցներուն թիւը մօտ 20 հոգի էր, իսկ Յունաստանի պարագային յատկապէս նկատի առնուած էր համացանցի կապի միջոցաւ խորհրդաժողովի մասնակցութիւնը: Այսպէս Յունաստանի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերները, Աթէնքի մէջ Հայ Դատի գրասենեակէն, կարողացած համացանցի միջոցաւ եւ SKYPEի օգտագործումով, լրիւ հետեւիլ խորհրդաժողովին եւ գործօն մասնակցութիւն բերել հարցումներով ու կարծիքներու հանդիսադրումով:
Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան, Երեւանէն, եւ յատուկ հրաւէրով՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերմանիոյ մէջ ներկայացուցիչ, Յարութիւն Գրիգորեան, որ ներկայացուց Գերմանիոյ մէջ իր աշխատանքը եւ ծրագիրները։
Արծարծուած եւ քննարկուած նիւթերն էին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման համար տարուելիք աշխատանքները, Հայաստան - Վրաստան յարաբերութիւնները եւ ջաւախքահայութեան իրաւունքները, Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններն ու արձանագրութիւններէն Հայաստանին վերջնականապէս դուրս գալու գրաւականըանհրաժեշտութիւնը։ Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին անցնելով՝ աշխատանքը իրաւական հիմքերու վրայ դնելն ու հայ ժողովուրդի հատուցման հաւաքական հարցը հետապնդելը։