Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, նախագահական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտին գրած է նամակ մը եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ անոր ունեցած դիրքորոշումին առնչութեամբ Անգարայի դժգոհութիւնը յայտնած:

Թուրքիոյ դեսպանը նամակին մէջ զգուշացուցած է Հոլլանտը, որ Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը լուրջ վնասներ պիտի պատճառէ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն:
Նշենք, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ կը պատրաստուի Ֆրանսայի մէջ 2012-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան մասնակցելու, յայտարարած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը դարձեալ օրակարգ բերելու նպատակով պիտի դիմէ իր երկրին ծերակոյտին, ուր ընկեր- վարականները վերջերս բացարձակ մեծամասնութիւն կազմեցին: