Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Ռէուվեն Ռեւլինի երկրէն բացակայութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որպէսզի հայկական բանաձեւի քննարկումը յետաձգուի մինչեւ ամսու վերջ:

Դեկտեմբերի սկիզբը Իսրայէլի խորհրդարանի Քնեսեթի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի յանձնաժողովը նախատեսած էր քննարկել Օսմանեան կայսրութենէն ներս  1915 թուականին  իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով Izrus-ը, այս յանձնաժողովի նախագահն է Ալեքս Միլլէրը, որ հանդէս եկած է  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ:
Յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու փափաք յայտնած է  Քնեսեթի նախագահ Ռէուվեն Ռեւլին, որ կողմնակից է Ցեղասպանութեան ճանաչման: Լսումներուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Իսրայէլի խորհրդարանի համախոհական կառավարութեան ներկայացուցիչ Էլկին, որ, 2008 թուականէն ի վեր աշխուժ աշխատանք կը տանի Հայոց Ցեղապանութեան փաստի ընդունման ուղղութեամբ: Այլ պաշտօնատարներ, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը՝ դէմ դասուած են ճանաչման:
Նիստի գումարումը յետաձգուած է մինչեւ ամսու վերջ, երբ երկիր պիտի վերադառնայ խորհրդարանի նախագահը: