- Details
- Category: Յունական լուրեր
ԵԱՀԿի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահի իր պաշտօնին վրայ տարի մը եւս պիտի մնայ յոյն երեսփոխան Փեթրոս Էֆթիմիու: Յայտարարութիւններ կատարելով երէկ Փեթրոս Էֆթիմիու շնորհակալութիւն յայտնեց
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Ջերմաչափը հասած է 38 աստիճանի Յունաստանի տարածքին, հակառակ ուժգին հովերուն որ Եգէականի մէջ կը հասնին 7 պոֆորի: Ըստ օդերեւութաբանական հաստատութեան փոխանցած տուեալներուն, ամբողջ շաբթուան ընթացքին տաք պիտի ըլլայ օդը:
Հրդեհներու վտանգը շատ բարձր է. զգուշութեան կոչ ուղղած են պատկան մարմինները:
Յունաստանի խորհրդարանէն ներս կը բարձրացուի Էրզրումի մէջ խմբային գերեզմանատան մը յայտնաբերման պարագան
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Սամսոնի մէջ 2008ին յայտնաբերուած խմբային գերեզմանատան պեղումներէն ետք, նմանօրինակ երկրորդ դէպք մը արձանագրուեցաւ Էրզրումի մէջ:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ քուէարկուած տնտեսական ծրագրի անմիջական գործադրութեան պահանջքով, ինչպէս եւ ներդրումային ծրագրերու քաջալերական քայլերու շուրջ համաձայնութեամբ աւարտեցաւ երէկ Պերլինի մէջ կայացած Յունաստանի տնտեսութեան նախարար Է.Վենիզէլոսի եւ գերմանացի իր պաշտօնակից Վ. Սոյպլէյի հանդիպումը: Նախարարութեան աղբիւրներու հաղորդումներուն համաձայն՝ գերմանական ընկերութիւններու դերակատարութիւնը եւս քննարկուած է:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Երկու ոսկի, երեք արծաթ եւ երկու պրոնզէ մետալներ
Յունաստանի մէջ անցեալ շաբթու ընթացքին կայացած 2011ի ամառյին յատուկ ողիմպիական մրցումներուն մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի հաւաքականի խումբը, որը բաղկացած էր չորս մարզիկներէ, երկու մարզիչներէ, հաւաքականի ղեկավարէն եւ իր տեղակալէն, ինչպէս հաղորդած էինք Չորեքշաբթի օրուան մեր թիւով (29 Յունիս)։