ԵԱՀԿի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահի իր պաշտօնին վրայ տարի մը եւս պիտի մնայ յոյն երեսփոխան Փեթրոս Էֆթիմիու: Յայտարարութիւններ կատարելով երէկ Փեթրոս Էֆթիմիու շնորհակալութիւն յայտնեց

որ խորհրդարաններու ներկայացուցիչները անգամ մը եւս վստահութիւն յայտնած են իր հանդէպ եւ զինք վերընտրած՝ նախագահի պաշտօնին վրայ: «Մեր աշխատանքը ընդարձակելու եւ աշխուժացնելու իմաստով պիտի օգտագործեմ պաշտօնավարման նոր ժամանակահատուածս» դիտել տուաւ ան, շեշտելով, թէ ժողովրդավարականացման գործընթացը դեռ ճամբայ ունի կարգ մը երկիրներու մէջ: