Սամսոնի մէջ 2008ին յայտնաբերուած խմբային գերեզմանատան պեղումներէն ետք, նմանօրինակ երկրորդ դէպք մը արձանագրուեցաւ Էրզրումի մէջ:


Յունական խորհրդարանի երեսփոխան Մաքսիմոս Խարոքոփուլոս հարցում ուղղեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Սթաւրոս Լամպրինիտիսի, պահանջելով DNA հետազօտութեան իրականացումը գերեզմանատան մէջ գտնուած ոսկորներու մնացորդացին գծով: Յոյն երեսփոխանը բարձրաձայնեց այս պահանջքը, յատուկ նշում կատարելով Անատոլուի մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան հարցին:
Սամսոնի եւ Էրզրումի մէջ երկու նմանօրինակ դէպքերը եկան համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու անցեալի ոճրագործութեան վրայ, որ դեռ իր արդար հատուցման չէ արժանացած:
Յոյն երեսփոխանը դիտել տուած է թէ Թուրքիոյ մէջ իւրաքանչիւր նոր շէնքի կառուցման կամ հանրային ծրագրերու իրագործման ամէն առիթով, նմանօրինակ յայտնաբերումներ կը կատարուին եւ շատ հաւանական է որ խմբային գերեզմաններու առջեւ դարձեալ պիտի գտնուի ժողովուրդը: DNAի ծինաբանական քննութիւնը անհրաժեշտ է մանաւանդ՝ դիմադրելու համար թրքական կողմի պնդումները թէ այս գերեզմաններուն մէջ թաղուած դիակները թուրքերու կը պատկանին: