«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Շաբաթ, 7 Յունիս 2014-ին, երեկոյեան մօտ ժամը 7:00-ին, Սիւլէյմանիէ շրջանը հրթիռի մը թիրախ դարձած է:

Վատիկան կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազաններուն, յաջորդաբար այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները եւ սիրալիր հանդիպումներ ունեցաւ դեսպաններուն հետ։

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Հալէպի եւ յատկապէս հայաբնակ Նոր Գիւղ շրջանի օր ըստ օրէ սաստկացող ու անմարդկային տարողութեան հասած ահաբեկող ռմբահարումները:

Հալէպի հայութիւնը ծանրագոյն օրեր կը դիմագրաւէ: Աղէտի ու կործանումի աղաղակներ կը լսուին այդ երբեմնի շէն քաղաքէն:

Ֆրանսիս Պապը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ յիշեց, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը լեցուն եղած է հալածանքներով եւ նահատակութեամբ: Պապը նաեւ յիշեց Քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքէն ներս եւ ողջունեց անոնց միասնականութիւնը եւ Միջին Արեւելքին կառչած մնալու հաւատարմութիւնը: