Lenta.ru կայքը կը գրէ, որ Ռուսաստանի վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնած է, որ Եւրոպայի ռուսական կազէն հրաժարելուն պարագային այդ կազը կրնայ ուղարկուիլ Չինաստան:
«Մենք բաւականաչափ կարելիութիւններ ունինք, բաւականաչափ կազ ունինք, որպէսզի զայն մատակարարենք թէ՛ արեւելեան, թէ՛ արեւմտեան ուղիներով: Սակայն եթէ առնենք գէշ հեռանկարը, զուտ տեսականօրէն, կազը որ կրնայ չմատակարարուիլ Եւրոպային, կրնայ ղըրկուիլ արեւմտեան ճամբով Չինաստան: Սակայն ատիկա, կÿընդգծեմ, տակաւին բացարձակ տեսական կարելիութիւն է», յայտարարած է Մետվետեւ «Պլումպըրկ» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Չինաստան կատարած եռօրեայ պաշտօնական այցելութեան աւարտին, յայտնի է թէ գլխաւոր նպատակը ռուսական վառելանիւթի Չինաստանի մատակարարման մասին համաձայնութիւնն էր, որուն ստորագրումին «Կազփրոմ»ը կը սպասէր արդէն գրեթէ քսան տարիէ ի վեր:
Չինաստանի քարիւղի եւ կազի CNPC ընկերութիւնը «Կազփրոմ»ի հետ Չինաստան հասնելիք ռուսական կազի մատակարարման վերաբերեալ համաձայնութիւնը կը նախատաեսէ մինչեւ 38 միլիառ խորանարդ մեթր կազի մատակարարում՝ երեսուն տարուան պայմանաժամով: Համաձայնագրին ընդհանուր արժէքը 400 միլիառ տոլար է:
ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ
ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԵՆ ԵՐԿԱՐ ԳԻԾԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՕԴԱՆԱՒԵՐ
Շանկհայի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրներու կարգին էր, ապագայի մէկ այլ կարեւոր համագործակցութիւն: Ռուսաստանի նախագահ Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփինի ներկայութեան՝ ստորագրուած է յուշագիր մը, որ կը նախատեսէ երկու երկիրներու գործակցութեամբ՝ երկար գիծերու յատուկ մեծ օդանաւերու արտադրումը: Յուշագիրը ստորագրած են «Օդանաւաշինութեան միացեալ մարմին»-ի կողմէ՝ Միխայիլ Պօղոսեան եւ չինական COMAC-ի կողմէ ալ՝ Ցին Ցանլուն: Այս նոր օդանաւը, մեծ երկիրներու շուկաներուն մէջ կարեւոր բաժին պիտի խլէ: