2014-ի առաջին չորս ամիսներուն ընթացքին
իշխանութիւնները արդէն ձերբակալած են
42 հազար ներգաղթեալ
«Տէօչը Վելլը» կը հաղորդէ, որ Սահմանային պահպանութեան եւրոպական գործակալութեան՝ «Ֆրոնթեքս»-ի տարեկան զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութեան մէջ գաղթականներու թիւը 2013-ին սուր աճ արձանագրած է:
Գործակալութեան տուեալներուն համաձայն՝ 2013-ին Եւրոպական Միութեան սահմանները կտրելու փորձի համար ձերբակալուած է 107 հազար ապօրինի ներգաղթեալ: Ատիկա 34,500-ով աւելի է, քան 2012-ի թիւը: 2014-ի առաջին չորս ամիսներուն ընթացքին իշխանութիւնները արդէն ձերբակալած են 42 հազար ներգաղթեալ: Այդ թիւը երեք անգամով կը գերազանցէ նախորդ տարիներու նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշները:
Գաղթականներու մեծագոյն հոսքը արձանագրուած է Իտալիոյ մէջ: 2014-ի Յունուարէն - Ապրիլ երկարող ամիսներուն ընթացքին ծովու ճամբով այդ երկիր մուտք գործել փորձած են աւելի քան 23 հազար մարդիկ: Անոնցմէ շատերը եկած են անապահով նաւակներով՝ Լիպիայէն եւ Եգիպտոսէն: Նախորդ տարուան ընթացքին դէպի իտալական ափեր վտանգաւոր ճամբորդութիւնը համարձակած են կատարել 40 հազար ապօրինի գաղթականներ:
«Ֆրոնթեքս» կը յայտնէ, որ 2013-ին գաղթականները փորձած են Եւրոպական Միութեան տա¬ րածք մտնել Սուրիայէն, Էրիթրէայէն, Աֆղանիստանէն եւ Ալպանիայէն:
Գործակալութեան պաշտօնատարներուն կարծիքով՝ յառաջիկայ տարիներուն անօրինական ներգաղթը պիտի աճի: Մասնաւորաբար, հիւսիսային Ափրիկէէն եւ Թուրքիայէն աւելի շատ մարդիկ պիտի փորձեն յայտնուիլ Եւրոպական Միութեան մէջ: