Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ ճափոնացի դաշնակահար Տակահիրօ Ակիբայի մենահամերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի  ծննդեան 145-ամեակին: Համերգին ներկայ եղան ճափոնացի արուեստասէրներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 21 Մայիս 2014 թուակիր Կոնդակով, Ն.Ս. Փրանկիսկոս Քահանայապետը բարեհաճած է  Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական  Կառավարիչ կարգել միութեանս 

Արխանկելսքի մարզի նահանգապետ Իկոր Օռլովի հրաւէրով վերջերս Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան եւ հիւպատոսութեան կցորդ Մանուէլ Աւետիսեան Արխանկելսք կը գտնուէին:

86 տարեկանին մահացաւ Վրաստանի նախկին նախագահ եւ ԽՍՀՄ արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Շեւարդնաձէն: Ան պաշտօնավարած էր 1995-2003:

Քաղաքապետ ըլլալը դիւրին գործ չէ, բայց, ինչպէս փորձը ցոյց տուաւ, հայերուն հոգեհարազատ է: Քանի որ Հայաստանի քաղաքները շատ չեն, իսկ քաղաքապետ դառնալու ցանկութիւններ եւ յաւակնութիւններ ունին շատերը, ուստի հայերը անցան մոլորակը նուաճելուն: Աւելին, աշխարհի մէջ քաղաքներ կան, որոնց քաղաքապետները գրեթէ միշտ հայեր եղած են: