Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 21 Մայիս 2014 թուակիր Կոնդակով, Ն.Ս. Փրանկիսկոս Քահանայապետը բարեհաճած է  Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական  Կառավարիչ կարգել միութեանս  նախագահ փրոֆ. Հ. Լեւոն Ծ.Վ. Զէքիեանը, Ամդայ Հայոց  Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոսի աստիճանով:
Եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը պիտի կատարուի Պոլիս, ձեռամբ Ն. Գերերջ. Տէրութիւն Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. հոգեւոր տիրոջ, Կաթողիկոս  պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, պատմական Ղալաթիոյ թաղի Ս. Փրկիչ եկեղեցիին մէջ, առաջին աթոռանիստ տաճարը Կաթողիկէ հայ  համայնքին, Շաբաթ 13 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Տօն Նաւակատեաց Ս. Խաչի,  ժամը 16.30-ին:    
Միութեանս Վարչութիւնը կ՛օգտուի այս բարեպատեհ առիթէն միաժամանակ յայտարարելու համար՝ որ, 1986-ի Օգոստոսէն սկսեալ, Վենետիկի Կա Ֆոսկարի  համալսարանին  հետ գործակցաբար կազմակերպուող՝ Հայ  լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը այսուհետեւ եւս  կա- նոնաւորաբար պիտի շարունակէ իր ընթացքը, ինչպէս ցարդ՝ անցեալ քսան եւ  ութ տարիներու ընթացքին:
Պո-Արաքս ի սրտէ կը մաղթէ յաջողութիւն եւ  աստուածային օրհնութիւններ իր  նախագահին՝ իրեն վստահուած այս նոր պաշտօնին մէջ:

ԴԻՒԱՆ ՊՈ-ԱՐԱՔՍ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ  
Վենետիկ, 7 Յուլիս 2014