ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ դեսպաններու եւ մնայուն ներկայացուցիչներու հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պիտի դառնայ ամէնէն մօտ ապագային:

Հայկական կեդրոններ կը շարունակեն ջրամատակարարման ծառայութիւն կատարել

1 Յուլիս.- «Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպ կը շարունակէ դիմագրաւել ջուրի սաստիկ տագնապ:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատը «Սէ.Ա.Սէ.»-ն ընդդէմ Ֆրանսայի անունով գործը քննարկելով որոշած է, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները հասարակական վայրերուն մէջ ամբողջ դէմքը փակող հագուստ հագնիլը արգիլելով չեն խախտած մարդու իրաւունքներու հարցով եւրոպական ուխտը: 

«Հայերն այսօր» կայքը կը հաղորդէ, որ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը եւ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին վերաբերող գանգատ ներկայացուցած են Հոլանտայի դատական ատեաններուն:

Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ Գալիլիոյ շրջանին մէջ յայտնաբերած է առեւանգուած երեք իսրայէլացի բնակեցուածներուն դիակները: