Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ ճափոնացի դաշնակահար Տակահիրօ Ակիբայի մենահամերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի  ծննդեան 145-ամեակին: Համերգին ներկայ եղան ճափոնացի արուեստասէրներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: