Արխանկելսքի մարզի նահանգապետ Իկոր Օռլովի հրաւէրով վերջերս Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան եւ հիւպատոսութեան կցորդ Մանուէլ Աւետիսեան Արխանկելսք կը գտնուէին:
Անխարկելսք կը գտնուէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վայոց Ձորի մարզպետ Էտկար Ղազարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հայաստանեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արխանկելսքի նահանգապետ Իկոր Օռլովի եւ նահանգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ տարածքային կապերու ամրապնդման, տնտեսական եւ մշակութային համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Մասնաւորաբար քննարկուեցան Արխանկելսքի նահանգի եւ Վայոց Ձորի մարզի գործարար եւ մշակութային խնդիրներ պարունակող որոշակի  հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Արխանկելսքի Ուսպենսքի շրջանի Ս. Աստուածամօր տաճարին առջեւ տեղի ունեցաւ հայկական խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ տեղւոյն հայ համայնքին ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ:
Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները մասնակցեցան վեցերորդ Հիւսիսային միջազգային համաժողովի պաշտօնական բացումին:
Խօսք առաւ հիւպատոս Հրայր Կարապետեան, որ կարեւոր նկատեց մարզի իշխանութիւններուն եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները:
Կէսօրին տեղի ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում եւ Արխանկելսքի եւ Վայոց Ձորի մարզերու բուժիչ-առողջարար զբօսաշրջութեան մարզին մէջ համագործակցութեան հարցերու քննարկում: Անկէ ետք պատուիրակութեան անդամները մասնակցեցան Արխանկելսքի մարզպետարանի եւ հայ համայնքին կողմէ կազմակերպուած Հայաստանի ազգային խոհանոցի եւ կիրառական արուեստի ցուցահանդէսին:
Երեկոյեան պատուիրակութեան անդամները մասնակցեցան վեցերորդ Հիւսիսային միջազգային համաժողովին եւ Արխանկելսքի մէջ Հայաստանի մշակութային օրերու հանդիսաւոր բացման արարողութեան ու համաժողովին նուիրուած համերգին: