Քաղաքապետ ըլլալը դիւրին գործ չէ, բայց, ինչպէս փորձը ցոյց տուաւ, հայերուն հոգեհարազատ է: Քանի որ Հայաստանի քաղաքները շատ չեն, իսկ քաղաքապետ դառնալու ցանկութիւններ եւ յաւակնութիւններ ունին շատերը, ուստի հայերը անցան մոլորակը նուաճելուն: Աւելին, աշխարհի մէջ քաղաքներ կան, որոնց քաղաքապետները գրեթէ միշտ հայեր եղած են:

Օրինակ, լիբանանեան Այնճար քաղաքի հիմնադրման օրէն բոլոր քաղաքապետները հայեր են, գրեթէ նոյնն է նաեւ սուրիական Քեսապի պարագային: Հայ քաղաքապետերու մասին է այս քաղաքապետական յօդուածը:

Արթին Էթմեքճեան (Աւստրալիա, Ռայթ)

52-ամեայ Արթին Էթմեքճեան առաջին հայ քաղաքապետն է Աւստրալիոյ մէջ: Ընտրուած է 2010 -ին: Ան Աւստրալիոյ մէջ կþապրի երկու տարեկանէն: Էթմեքճեանները այստեղ տեղափոխուած են Եգիպտոսէն: Հայ քաղաքապետը իր գործունէութեան ընթացքին, ինչպէս ինքը նշեց հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ, միշտ աշխատած է այնպէս ընել, որ հայերը հնարաւորինս ներգրաւուած ըլլան կառավարման գործընթացով: Էթմեքճեանը մեծ նշանակութիւն կուտայ հայապահպանութեան գործին, իր տան մէջ՝ ընտանիքի անդամներուն հետ կը խօսի բացառապէս հայերէն, կը հաւատայ, որ հայը պէտք է հաւատարիմ մնայ կրօնին եւ ծագումին: Հայազգի քաղաքապետը այժմ ամէն ջանք կը գործադրէ, որ Ռայթի մօտ 10 000 հայերը եկեղեցի ու դպրոց յաճախեն: Մասամբ նաեւ Էջմեքջեանի շնորհիւ է, որ 2005-ին Ռայթի քաղաքային խորհուրդը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ֆիլիպ Կիզիրեան  (Ֆրանսա, Սէն-Շամոն)

Ֆիլիպ Կիզիրեան ծնած է Ֆրանսայի Սէն-Շամոն քաղաքը 1959-ին: Մասնագիտութեամբ իրաւաբան քաղաքապետը երկար տարիներ աշխատած է որպէս դատաւոր, բայց յետոյ անցած է քաղաքական գործունէութեան: 2008-ին յաղթած է Սէն-Շեմոնի քաղաքապետի ընտրութիւններուն եւ դարձած է 36 000 բնակիչ ունեցող ֆրանսական քաղաքի քաղաքապետը: Կիզիրեան ինքը մարզասէր է, կը սիրէ կոլֆ խաղալ, ու մեծ կարեւորութիւն տուած է քաղաքին մէջ մարզաձեւերու զարգացման:
Հայ քաղաքապետը կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր հայ հնարաւորութեան պարագային ժամանակ առ ժամանակ պէտք է այցելէ իր հայրենիքը: Ինքը՝ Կիզիրեանը, առաջին անգամ Երեւան եկաւ 2010-ին՝ ամառային արձակուրդներու ժամանակ: Քաղաքային կառավարման մեծ փորձ ունեցող մասնագէտը նկատած էր, որ Երեւանը բաւական ժամանակակից է, եւ որ ամենակարեւորը՝ աշխարհի ջերմ քաղաքներէն մէկն է: Պաշտօնավարման ժամկէտի լրանալէն ետք Կիզիրեանը եւս մէկ անգամ առաջադրուեցաւ, սակայն այս տարուայ Մարտին կայացած ընտրութիւններուն պարտուեցաւ Հարվէյ Ռէյնադէն:

Ճէյմս Հանն (ԱՄՆ, Լոս-Անճելես)

Լոս Անճելեսի 40-րդ քաղաքապետը նոյնպէս հայ է՝ Ճէյմս Հանն: Քաղաքական գործիչներու ընտանիքին մէջ ծնած Հաննը քաղաքապետարանին մէջ գործունէութիւնը սկսած է որպէս փաստաբան, 2001-ին ընտրուած է քաղաքապետ ու կառավարած է մինչեւ 2005-ը: Տարբեր յօդուածներու մէջ կը նշուի, որ անոր պաշտօնավարման տարիներուն Լոս Անճելեսի մէջ լրջօրէն նուազած էր յանցագործութիւններու մակարդակը. այս մէկը Հաննի քաղաքային կառավարաման ծրագրի կարեւոր կէտերէն էր:

Էլիաս Սարգիս (Լիբանան, Պէյրութ)

Լիբանանի 6-րդ նախագահ Էլիաս Սարգիսը՝ պաշտօնավարած 1976-1982 թթ, նախքան նախագահելը Պէյրութի քաղաքապետն էր: 1968-1970՝ ընդամէնը երկու տարի աշխատելով քաղաքապետի պաշտօնին վրայ՝ ան 1970-ին առաջադրուեցաւ նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն պարտուեցաւ հիմնական մրցակից Սուլէյման Ֆրանժիէն ընդամէնը մէկ քուէով: Սարգիսը չընկճուեցաւ, յաջորդ ընտրութիւններուն կրկին առաջադրուեցաւ ու յաղթեց: Ան սերտ կապեր ունեցած է Դաշնակցութեան անդամներուն հետ, եղած է յայտնի դաշնակցական գործիչ Յակոբ Բագրատունիի ընկերը:

Լարրի Զարեան (ԱՄՆ, Կլենտէլ)

Լարի Զարեան առաջին հայն է՝ ընդգրկուած Կլենտէլի քաղաքային խորհրդին մէջ: Քաղաքապետի պաշտօնին ընտրուած է մի քանի անգամ՝1991-ին, 1994-ին եւ 1998-ին: Զարեանը քաղաքային խորհուրդին մէջ ընդգրկուեցաւ դեռ 1983-ին, բազմամեայ գործունէութեան համար անոր կ'անուանէին «ազգային քաղաքապետ»: Զարեանը նաեւ Լոս Անճելես նահանգի երթեւեկութեան կառավարման ղեկավարը եղած է: Հետագային Կլենտէլի իշխանութեան քաղաքի երթեւեկութեան կեդրոնը կոչուեցաւ իր անունով: Կեանքի վերջին տարիներուն Կլենտէլի «ազգային քաղաքապետը» կþաշխատէր հեռուստատեսութեան մէջ՝ հայկական AMGA հեռուստաընկերութեան եթերուն, վարելով քաղաքական հաղորդում:

Արա Նաճարեան (ԱՄՆ, Կլենտէլ)

Նաճարեան Կլենտէլի քաղաքապետ դարձած է 2 անգամ: 2007-ին ան փոխարինեց Րաֆֆի Մանուկեանին, իսկ 2010-ին վերընտրուեցաւ: Արա Նաջարեան ու ԱՄՆ գործող նախագահ Պարակ Օպաման միասին էին: Հետագային Արա Նաճարեան խոստովանեցաւ, որ թէեւ Օպաման բաւականին խելացի էր, բայց որեւէ մէկի մտքէն չէր անցներ, որ ան ԱՄՆ նախագահ կը դառնայ: Նաճարեանը նաեւ կատակած էր, որ այն ժամանակ իր հեղինակութիւնը իր շրջապատին մէջ շատ աւելի բարձր էր, քան Օպամայինը:

Պիլլ Փափարեան (ԱՄՆ, Փասատինա)

Փասատինայի քաղաքապետ դարձած առաջին հայը 1995-ին առաջադրուեցաւ որպէս անկուսակցական եւ ընտրուեցաւ: 1997-ին դարձաւ սենատոր: Կը համարուի Փասատինայի ամենաակտիւ քաղաքական գործիչներէն մէկը, անոր վայելած մեծ հեղինակութեան շնորհիւ նահանգային շատ խնդիրներ կը լուծուին իր միջոցով: Պիլ Փափարեանը այն փաստաբաններէն էր, որ պաշտպանեց Գուրգէն Եանիկեանին, երբ վերջինս 1973-ին Սանթա Պարպարայի մէջ գնդակահարեց երկու թուրք պաշտօնեայի՝ վրէժխնդիր ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան համար: Սկիզբը Եանիկեանին դատապարտեցին, բայց Փափարեանը տարիներ շարունակ վիճարկեց գործը եւ 1984-ին հասաւ անոր, որ Եանիկեանին ազատ արձակեցին:

Զարեհ Սինանեան (ԱՄՆ, Կլենտէլ)

Կլենտէլի գործող քաղաքապետ Սինանեան ընտրուեցաւ նախորդ տարի ու մտադիր է առնուազն մէկ անգամ եւս վերընտրուիլ: Ան ծնած է Երեւանի մէջ, ԱՄՆ տեղափոխուեցաւ 14 տարեկանին: 1998-էն կը զբաղի ԱՄՆ հայերու խնդիրներով՝ ներգրաւուելով Հայ Դատի աշխատանքներէն: 2013-ին առաջադրուեցաւ Կլենտէլի քաղաքապետի ընտրութիւններուն եւ յաղթեց:

Սքոթ Աւետիսեան (ԱՄՆ, Վարվիք)

Վարվիքի գործող քաղաքապետը առաջին անգամ այդ պաշտօնին ընտրուեցաւ 2000-ին եւ մինչեւ օրս վերընտրուած է բոլոր յաջորդ ընտրութիւններու ժամանակ՝ 5 անգամ: Կ'ըսեն՝ ան ամենայաջողակ քաղաքապետն է Վարվիքի պատմութեան մէջ: 2011-ին Նիւ Եորք Թայմսի կազմած ամենավարկանիշային քաղաքապետերի աղիւսակով Սքոթ Աւետիսեանը 6-րդն էր:

Ռոպերթ Սաբոնճեան (ԱՄՆ, Վոքիգան)

Երկրորդ հայը, որը դարձաւ քաղաքապետ Վոքիգանի մէջ, առաջին անգամ ընտրուեցաւ 1995-ին եւ զբաղեցուց պաշտօնը մինչեւ 1999-ը: Վերընտրուեցաւ 2008-ին եւ մինչեւ օրս Վոքիգանի քաղաքապետն է:

Րաֆֆի Մանուկեան (ԱՄՆ, Կլենտէլ)

Լարի Զարեանէն ետք Կլենտէլի քաղաքապետ դարձած 2-րդ հայը այդ պաշտօնին ընտրուած է 2 անգամ՝ առաջին անգամ՝ 2003-ին, այնուհետեւ՝ 2006-ին: Րաֆֆի Մանուկեան ստեղծած է Raffi Manukyan Foundation բարեգործական հիմնադրամը, որը կրթաթոշակներ կը յատկացնէ Օքսֆորդ յաջախիլ փափաքող հայ երիտասարդներուն:

Պոպ Եուսէֆեան (ԱՄՆ, Կլենտէլ)

Եուսէֆեան 3-րդ հայն է այս պաշտօնին վրայ: 2004-2005-ը ղեկավարելով հայառատ Կլենտէլը՝ հետագային ան դարձաւ Քալիֆորնիայի նահանգապետ Առնոլտ Զուացենեկերի գլխաւոր խորհրդական ու լքեց քաղաքապետի պաշտօնը:

Փիթեր Թորջինեան (ԱՄՆ, Փիբոդի)

Թորջինեանը 14 անգամ անընդմէջ ընտրուած է քաղաքապետի պաշտօնին վրայ՝ քաղաքը ղեկավարելով 1984-էն մինչեւ 2004-ը: Ամենաերկարակեաց քաղաքապետներէն մէկը ձգեց պաշտօնը, քանի որ 2004-ին սենատոր ընտրուեցաւ ու գնաց իր քաղաքը աւելի բարձր ատեաններու մէջ ներկայացնելու:

Գարի Թիւթիւնճեան (ԱՄՆ, Տրոյ)

Ներկայիս սենատոր Թիւթիւնճեան մինչ այդ կը ղեկավարէր ԱՄՆ Տրոյ քաղաքը: Ընտրուած էր 2004-ին եւ այդ պաշտօնին վրայ անցուց 8 տարի:

«Հայերն Այսօր»