«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Կրասնոտար շրջանին մէջ Շաբաթ օր տեղի ունեցած օդանաւի արկածի զոհերուն թիւը չորս է, որոնցմէ երեքը հայեր են:

Կիրակի, 29 Յունիս 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով:

Պուէնոս Այրեսի իշխանութիւնները պաշտօնապէս տեղ յատկացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման համար:

Յունիս 26-ին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հաստատեց թիւ 4347 օրինագիծը, որ Թուրքիայէն կը պահանջէ վերադարձնել քրիստոնէապատկան գոյքը:

Ամերիկայի հայերը, յոյներու եւ ասորիներու հետ միասին, ողջունեցին Թուրքիայի քրիստոնէական եկեղեցիներու մասին ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ընդունած բանաձեւը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Asbarez-ը: