Եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ արդէն 2015ին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կրթական նախագիծներ պիտի իրականացուին: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին ժամանակ տեղեկացուց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան: Նախարարը նախաձեռնութեան մասնակցող երկիրներուն ցանկը չներկայացուց:

ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլափոշեան-Պօղիկեան կը տեղեկացնէ, որ Ուրբաթ, 9 Յունուար 2015ի յետմիջօրէի ժամը 3:30ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանին կից գտնուող Սրբուհի Ռիթա եկեղեցին, որուն իբրեւ հետեւանք եկեղեցւոյ կառոյցը մասամբ քանդուած է:

Աշխարհի 45 ղեկավարներ մասնակցեցան
Փարիզի բազմամարդ բողոքի ցոյցին

Ֆրանսայի մէջ հարիւր հազարաւոր մարդիկ ողողեցին երէկ փողոցները՝ բողոքելով ահաբեկչութեան դէմ եւ վստահեցնելով իրենց ազգային միասնութեան մասին:

Այս լու­սան­կա­րը նկա­րո­ւած է 2014 թո­ւա­կա­նի Նո­յեմ­բեր ամ­սուն՝ Գեր­մա­նիոյ մէջ: Լու­սան­կա­րի մէջ Ֆ­րան­սա ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից, հան­րա­ծա­նօթ օ­փե­րա­յին եր­գիչ Ա­դամ Բար­րոն է (­Մու­րատ Ա­միր­խա­նեան) եւ թուրք յայտ­նի ռե­ժի­սոր Ֆա­թիհ Ա­քը­նը, մեծ աղ­մուկ հա­նած «­Վէր­քը» (The Cut) ֆիլ­մի ռե­ժի­սո­րը:

Ահազանգային վիճակ կը տիրէ Ֆրանսայի տարածքին

Ահազանգային լուրջ իրավիճակ կը տիրէ Ֆրանսայի տարածքին, 7 Յունուարի կէսօրին ֆրանսական «Չարլի Էպտօ» երգիծաթերթի խմբագրատան դէմ գործուած ահաբեկչական արարքէն ետք, երբ երկու անծանօթ զինեալներ անակնկալօրէն ներխուժեցին եւ կրակ բացին խմբագրական կազմին եւ գծանկարիչներուն դէմ: