Աշխարհի 45 ղեկավարներ մասնակցեցան
Փարիզի բազմամարդ բողոքի ցոյցին
Ֆրանսայի մէջ հարիւր հազարաւոր մարդիկ ողողեցին երէկ փողոցները՝ բողոքելով ահաբեկչութեան դէմ եւ վստահեցնելով իրենց ազգային միասնութեան մասին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ France24.com պարբերականը՝ շուրջ 45 երկիրներու առաջնորդներ, որոնց կարգին Անկելա Մերքել, Մաթէօ Ռենցի, Տէյվիտ Քամերոն, Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարաս, միացան բազմամարդ ցոյցին որ կազմակերպուեցաւ Փարիզի մէջ՝ ի յիշատակ բռնութեան զոհերուն: Ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, որ ինք եւս ընդունուեցաւ Էլիզեան պալատէն ներս Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի կողմէ եւ փոխանցեց ՀՀ նախագահի ցաւակցութիւնները, հայ ժողովուրդի զօրակցութիւնը եւ համերաշխութիւնը՝ բարեկամ Ֆրանսայի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն:
Ցոյցը առաջնորդեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ։
Անվտանգութեան միջոցները շատ խիստ էին եւ Փարիզը ուղղակի ամրոցի վերածուած էր, հազարաւոր ոստիկաններու հսկողութեան տակ։ Հանրապետութեան հրապարակէն ճամբայ ելլելով ցոյցը, ուղղուեցաւ դէպի Ազգային հրապարակ։
Բազմամարդ այս ցոյցով ֆրանսացիները յարգեցին ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով սպաննուած 17 զոհերու յիշատակը։ Ահաբեկչութիւնը սկիզբ առաւ Յունուար 7ին, երբ զինեալներ խուժեցին Charlie Hebdo երգիծական շաբաթահանդէսի խմբագրութեան շէնք՝ սպաննելով 12 հոգի, ապա զինեալ յարձակումներով հրէական վաճառախանութի մը դէմ։
Կասկածեալ եղբայրները սպաննուեցան
Նախորդ շաբաթավերջին ֆրանսական ոստիկանութեան հսկայ գործողութեամբ մը, կարելի եղաւ յայտնաբերել «Չարլի հեպտօ»ի դէմ յարձակման յանցագործները։ Փարիզէն 35 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող Տամարթեն-ան-Կոելի մէջ կասկածեալները պատանդներ բռնեցին: Իսլամական զինեալները դիրք բռնեցին փոքր տպագրատան մը մէջ եւ յայտարարեցին, որ պատրաստ են մեռնելու: Աւելի ուշ, ոստիկանութիւնը ներխուժեց‘ սպաննելով պատանդներ բռնած զինեալները: Ըստ տեղեկութեանց, ոստիկանութեան ներխուժումէն առաջ չորս պատանդներ սպաննուած են: Չորս այլ պատանդներ գործողութեան ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուեցան, սակայն 15 ուրիշներ փրկուած են:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներուն յայտնեց, որ երկու եղբայրներէն մէկը՝ Սայիտ Քուաշին «քանի մը ամիս» Եմէնի մէջ Քայիտայի մէկ ճամբարին մէջ մարզուած է: Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ամերիկացի պաշտօնատար մը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սայիտ եւ իր փոքր եղբայրը՝ դատապարտեալ ահաբեկիչ Շերիֆ Քուաշի յարձակումէն առաջ դէպի Միացեալ Նահանգներ թռիչք կատարելէ արգիլուած անձերու ցանկին վրայ էին:
Կը հաղորդուի, որ «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ յարձակում կատարողները բացագանչած են՝ «Մենք Եմէնի Քայիտան ենք»:
Իսլամները կը դատապարտեն
Ֆրանսայի իսլամական գլխաւոր համադաշնակցութիւնները ֆրանսական 2300 մզկիթներու իմամներուն կոչ ուղղեցին «առաւելագոյն խստութեամբ դատապարտելու բռնարարքը եւ ահաբեկչութիւնը»:
Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս յայտարարեց, որ Ֆրանսա ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի մէջ է եւ ոչ թէ որեւէ կրօնի՝ նշելով. «Այս սպառնալիքը դիմակայելու համար անկասկած նոր միջոցառումներ անհրաժեշտ պիտի ըլլան»:
Հոլլանտ յայտնեց, որ Ֆրանսա «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթին դէմ կատարուած յարձակումին պատճառով ցնցումի ենթարկուած է: «Մենք որոշեցինք երկրին մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը դիմակայելու համար յաւելեալ ուժեր օգտագործել», նշեց ան:
Ֆրանսայի ծայրայեղ աջակողմեան Ժողովրդային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին կոչ ուղղեց‘ Շենկեն մուտքի արտօնագիրները սառեցնելու:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
ՓԱՐԻԶԻ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ
ԵՒ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին ուղղած իր ցաւակցական նամակին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով դատապարտելէ ետք Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքները, ըսաւ. «Մեր Եկեղեցին կը հաւատայ կրօններու, մշակոյթներու ու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան եւ լայնախոհութեան: Մեր Եկեղեցին նաեւ յանձնառու է հարցերու խաղաղ լուծման եւ աշխարհի մէջ արդարութեան ու մարդկային իրաւանց սկզբունքներու վրայ հիմնուած խաղաղութեան»: Վեհափառը իր նամակին մէջ շեշտեց, թէ այս սկզբունքներէն մեկնած Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ իր նպաստը բերել միջ-կրօնական երկխօսութեան:
Իր նամակին վերջաւորութեան, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով, իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Ֆրանսայի նախագահին, ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ զոհերու ընտանիքներուն:
Ֆրանսայի հայ համայնքը կը դատապարտէ
Ֆրանսայի հայ համայնքը երկրին տարբեր քաղաքներուն մէջ կը մասնակցի «Շարլի Էպտօ» երգիծական պարբերաթերթին դէմ իրականացուած ահաբեկչութիւնը դատապարտող եւ զոհերուն յարգանքի տուրք մատուցող հանրահաւաքներուն:
Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահը այցելեց Ֆրանսայի դեսպանատունը
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան երէկ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն՝ իր ցաւակցութիւնը յայտնելու ֆրանսացի ժողովուրդին «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթի խմբագրատան մէջ իրականացուած ահաբեկչութեան առնչութեամբ:
Ազգային ժողովի նախագահը դեսպանատան մէջ բացուած սգոյ մատեանին մէջ գրած է. «Հայ ժողովուրդին եւ անձամբ իմ անունովս խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեմ «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթի խմբագրատան մէջ իրականացուած սարսափելի ահաբեկչութեան պատճառով ինկած զոհերու ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին‘ մաղթելով անոնց տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում, ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան դէմ որեւէ ոտնձգութիւն»:
Գալուստ Սահակեան այս առիթով ցաւակցական ուղերձներ յղած է նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնին եւ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէին: