Ամերիկեան «New Yorker» թերթի աշխատակից Րաֆֆի Խաչատուրեան յօդուած մը ստորագրած է «Լռութեան դար. Ցեղասպանութենէն փըրկուած ընտանիքը եւ անոր երկար ուղին» խորագիրով, ուր պատմած է Տիյարպէքիրի մէջ ծնած իր պապիկին պատմութիւնը:

Խաչատուրեան ներկայացուցած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան մանրամասնութիւնները, հոն մնացած հայերու իսլամացումը, իր մականունին փԽաչատուրեանէն Օզաքտէմիրի վերափո- խումը: