Այս լու­սան­կա­րը նկա­րո­ւած է 2014 թո­ւա­կա­նի Նո­յեմ­բեր ամ­սուն՝ Գեր­մա­նիոյ մէջ: Լու­սան­կա­րի մէջ Ֆ­րան­սա ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից, հան­րա­ծա­նօթ օ­փե­րա­յին եր­գիչ Ա­դամ Բար­րոն է (­Մու­րատ Ա­միր­խա­նեան) եւ թուրք յայտ­նի ռե­ժի­սոր Ֆա­թիհ Ա­քը­նը, մեծ աղ­մուկ հա­նած «­Վէր­քը» (The Cut) ֆիլ­մի ռե­ժի­սո­րը:

Այս մա­սին կը յայտ­նէ “­Հա­յերն Այ­սօր”-ը։

Հայ եւ թուրք, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հա­րիւր տա­րի անց միա­սին կ’ը­սեն՝ Ճանչ­նալ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այս քայ­լով միա­նա­լով հա­մա­ցան­ցի մէջ մեծ տա­րա­ծում գտած շարժ­ման:

Ճանչ­նալ… Կը նշա­նա­կէ ըն­դու­նիլ սե­փա­կան պատ­մու­թիւ­նը, որ­մէ այդ­քան կը խու­սա­փին թուր­քե­րը: Թէեւ ա­նոնց մէջ կը գտնո­ւին մար­դիկ, ո­րոնք կրնան ան­ցեա­լին նա­յիլ բաց աչ­քե­րով, ինչ­պէս գեր­մա­նաբ­նակ ռե­ժի­սոր Ֆա­թիհ Ա­քը­նը, որ իր «ան­ցեա­լը» ճանչ­ցած է 18-20 տա­րե­կա­նին. «Երբ ի­մա­ցայ, որ նման բան ե­ղած է, սկսայ ու­սում­նա­սի­րել: Կը կար­դա­յի ձեռքս իյն­կած ա­մէն բան, ինչ կը վե­րա­բե­րէր այդ թե­մա­յին, ըլ­լար՝ գիրք, փաս­տա­թուղթ կամ պատ­մու­թիւն: Ի  դէպ, բա­ւա­կան շատ չհրա­պա­րա­կո­ւած պատ­մու­թիւն­ներ կան, կա­րե­ւոր պատ­մու­թիւն­ներ: Պէտք է բո­լո­րը ի­մա­նան ա­նոնց մա­սին»:

Տա­րի­ներ անց  ան կը նկա­րա­հա­նէ  իր «­Վէր­քը» ֆիլ­մը, որ ու­նի նոյն ու­ղեր­ձը՝ Ճանչ­նալ… Ֆիլմ, որ ռե­ժի­սո­րի խօս­քե­րով, նա­խե­ւա­ռաջ նկա­րա­հա­նո­ւած է թուր­քե­րու հա­մար, որ­պէս­զի. «­Դի­տենք, ու­սում­նա­սի­րենք, ճանչ­նանք մեր ան­ցեա­լը: Պէտք է մեր «ե­րէ­կը» ի­մա­նանք, որ այ­սօր կա­րե­նանք առ­ջեւ քա­լել: Թէեւ շատ մար­դիկ չեն ցան­կար տե­ղե­կա­նալ ի­րենց ան­ցեա­լի մա­սին»:

Այդ պատ­ճա­ռով այդ «ե­րէ­կը» կը շա­րու­նա­կէ ոչ միայն ան­ցեալ ըլ­լալ, այ­լեւ ներ­կայ ու ա­պա­գայ այն­քան ժա­մա­նակ, քա­նի դեռ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ ան­կիւ­նի մէջ կը գտնո­ւին մար­դիկ, ան­կախ ազ­գու­թե­նէն, որ կ’ը­սեն՝ Ճանչ­նալ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը…