Եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ արդէն 2015ին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կրթական նախագիծներ պիտի իրականացուին: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին ժամանակ տեղեկացուց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան: Նախարարը նախաձեռնութեան մասնակցող երկիրներուն ցանկը չներկայացուց:
«Հասկանալի պատճառներով թոյլ տուէք չթուարկեմ այն երկրների ցանկը, որոնց հետ մենք նման ծրագիր ենք իրականացնելու 2015 թուականին, որպէսզի տեղեկատուութեան արտահոսք չլինի, եւ թուրքական կողմը չանցնի հակագրոհների: Բոլոր դէպքերում, ուզում եմ ասել, որ մի շարք եւրոպական երկրների հետ բանակցութիւնները յաջողուած են եղել, եւ 2015 թուականին մենք կը տեսնենք համագործակցութեան արդիւնքը», «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ նշեց Աշոտեան: Նախարարը կարեւոր համարեց այն փաստը, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիր- ւած դասեր եւ դասաժամեր պիտի ներառուին եւրոպական երկիրներու հանրակրթական ծրագիրներուն մէջ:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ կÿապրէին երկու միլիոնէ աւելի հայեր: Շուրջ մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուեցսւ 1915-1923թթ. ժամանակահատուածին,իսկ մնացածները կա՛մ բռնի մահմետականացուեցսն, կա՛մ ապաստանեցան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: 1915թ. ապրիլ 24-ին սկիզբ առած ձերբակալութիւններով (հիմնականին մէջ՝ Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ) եւ ատոր հետեւած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու ոչնչացումով սկսաւ հայ բնակչութեան բնաջնջման առաջին փուլը: Հետագային աշխարհասփիւռ հայերը Ապրիլ 24-ը սկսան նշել իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: