Ահազանգային վիճակ կը տիրէ Ֆրանսայի տարածքին

Ահազանգային լուրջ իրավիճակ կը տիրէ Ֆրանսայի տարածքին, 7 Յունուարի կէսօրին ֆրանսական «Չարլի Էպտօ» երգիծաթերթի խմբագրատան դէմ գործուած ահաբեկչական արարքէն ետք, երբ երկու անծանօթ զինեալներ անակնկալօրէն ներխուժեցին եւ կրակ բացին խմբագրական կազմին եւ գծանկարիչներուն դէմ:

Արձանագրուած են 12 զոհեր եւ տասը վիրաւորներ, որոնցմէ չորսին վիճակը բաւական ծանր է։ Մահացողներուն տասն խմբագրական կազմի անդամ են, իսկ երկուքը՝ ոստիկաններ։
Ականատեսները նկարահանած են երկու դիմակաւոր անձերը, որոնք «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներով կրակ բացած են խմբագրութիւնը պաշտպանող ոստիկանին վրայ: Անոնք ոստիկանին դիմելով ըսած են. «Կ՛ուզէիր մե՞զ սպաննել»։ Վերջինը կը պատասխանէ. «Ո՛չ, կը բաւէ, շէֆ», որմէ ետք զինեալներէն մէկը կրակած է ոստիկանին գլխուն:
Դիմակաւորներէն մէկը կրակելու ատեն գոռացած է. «Մենք վրէժխնդիր ենք Մուհամէտ մարգարէին համար»: Այս մասին յայտնած է ականատեսներէն մէկը՝ ընկերային ցանցին մէջ կատարած իր գրառումին մէջ։
Նշենք, որ այս թերթը յաճախ քննադատութեան թիրախ դարձած է, իր հակաիսլամական գրութիւններուն պատճառով: Իսկ 6 Յունուարի իր թիւով ան հրատարակած էր «Իսլամական պետութեան» ղեկավարներէն Ապու Պաքր Պաղտատիի ծաղրանկարը։
«Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթը յարձակման ենթակայ եղած է նաեւ 2011ին՝ կրկին իսլամականներու կողմէ: «Պի.Պի.Սի.»ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին թերթի խմբագիր Ստեֆան Շաղպոնիէն նշած էր, որ խօսքի ազատութիւնը պէտք է շրջանցէ իսլամը: «Եթէ մենք կրնանք խօսիլ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող ամէն բանի մասին՝ ի բացառութիւն իսլամի, ուրեմն ատիկա ձանձրացուցիչ է», յայտնած է խմբագիրը։

Յայտնաբերուած են յանցագործները

Յարձակում գործած դիմակաւորները փախուստ տուած էին դէպքէն ետք: Ոստիկանութիւնը կարողացաւ երէկ յայտնաբերել երկու ահաբեկիչները, որոնք Սայիտ եւ Շըրիֆ Քուաչի եղբայրներն են: Անոնք սպիտակ «Ռենօ» ինքնաշարժով պենզինի կայան մը գողցած էին:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ տեղի ունեցածը որակած է «կատարեալ բարբարոսութիւն», որուն թիրախ դարձած է շաբաթաթերթը, այսինքն՝ խօսքի եւ արտայայտուելու ազատութիւնը: «Ֆրանսան այսօր մեծ ցնցումի մէջ է, անկասկած՝ ասիկա ահաբեկչական արարք է», յայտնած է Հոլանտ։
Զուգահեռաբար, վրէժխնդրական արարքներ սկսած են գործուիլ «մահմետական երկիրներու» դէմ: Արեւելեան Ֆրանսայի մահմետական աղօթավայրի մը դէմ կրակ բացած են անծանօթներ, մինչ պայթում տեղի ունեցած է նաեւ Փոր Ալ Նուզէլի մզկիթի մը կողքին գտնուող ճաշարանի մը մէջ: Մանսի մզկիթին դէմ ալ երեք ձեռնառումբեր արձակուած են:

Երեւանի Արձագանգը Փարիզի Ահաբեկչութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Էդուարդ Նալբանդեանի ցաւակցական ուղերձը՝ Փարիզի ահաբեկչական իրադարձութեան կապուած: Ուղերձին մէջ նախարարը նշած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք 7 Յունուարին Փարիզի մէջ «Շարլի Էպտօ» պարբերականի խմբագրութեան մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը, որուն պատճառով բազմաթիւ մարդկային զոհեր կան: Մեր ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեմ բարեկամ Ֆրանսայի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն, «Շարլի Էպտօ» պարբերականի խմբագրութեան եւ զոհերու հարազատներուն: Ծայրայեղականներու այսպիսի զարհուրելի գործողութիւնները ոչ մէկ արդարացում ունին եւ անգամ մը եւս ցոյց կու տան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ միջազգային հանրութեան ջանքերուն առաւել համախմբման անհրաժեշտութիւնը»:

Մէկ վայրկեանի լռութիւն

Ֆրանսացիները երէկ հաւաքուեցան Նոդր Տամի եւ Էլիզէի հրապարակին վրայ, մէկ վայրկեանի լռութիւն պահելով սպաննուած լրագրողներուն յիշատակին: