ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլափոշեան-Պօղիկեան կը տեղեկացնէ, որ Ուրբաթ, 9 Յունուար 2015ի յետմիջօրէի ժամը 3:30ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանին կից գտնուող Սրբուհի Ռիթա եկեղեցին, որուն իբրեւ հետեւանք եկեղեցւոյ կառոյցը մասամբ քանդուած է:

ՀՀ նախագահի խօսնակ Տիգրան Բալայեան հետեւեալ հաղորդագրութիւնը տարածած է մամուլին. «Դատապարտում ենք Հալէպի հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ռիթա եկեղեցու հրթիռակոծումը, որի հետեւանքով լուրջ վնասներ են պատճառուել։
Սրբավայրերի դէմ ոտնձգութիւններն անընդունելի են եւ ի ցոյց են դնում դրանց հեղինակների բարբարոսական եւ վայրագ բնոյթը։

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է բազմապատկի ջանքերը՝ կանխելու նման յանցագործութիւնները, բացառելու քաղաքացիական բնակչութեան, փոքրամասնութիւնների եւ սրբավայրերի դէմ ուղղուած ոճրագործութիւնները»:


76.000 սուրիացիներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը պիտի բոլորէ չորրորդ տարին: Ամէն օր կ"արձագանգուի պատերազմին, բայց խօսք չկայ լուծումի մասին: Ասատի ուժերը եւ ընդդիմութիւնը անխնայ պայքար կը մղեն իրարու դէմ, բայց ժողովուրդն է, որ կը տուժէ ամենէն շատ: Սուրիացի ընդդիմադիրներու կողմէ հիմնուած «Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարան» ը, որ կը գործէ Լոնտոնի մէջ, հրապարակած է նոր տեղեկագիր մը, ըստ որուն՝ միայն 2014 թուականին աւելի քան 76.000 սուրիացիներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են այս պատերազմին հետեւանքով: Այս մէկը, մինչեւ այսօր արձանագրուած հաշուեկշիռներուն ամենէն ծանրն է: Սպաննուած 76 հազար սուրիացիներուն աւելի քան 33 հազարը խաղաղ բնակիչներ են: 3.500 մանուկներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են այս բախումներու ընթացքին: