ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր ձայնը միացուցած է մարդկային իրաւանց պաշտպան զանազան կազմակերպութեանց՝ պահանջելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն, որ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուն անմիջապէս ազատ արձակելու նպատակով ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ:

ACTION ALERT

Այս նպատակով կարելի է նամակ մը յղել Քլինթընին՝ այցելելով Հայ Դատի www.anca.org/action_alerts/action_disp. php?aaid=56472501 համացանցային կայքը: Նամակին մէջ կը նշուի, թէ այս հարցով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններու որդեգրած «ամօթալի»  լռութիւնը եւ կրաւորական կեցուածքը վտանգաւոր հետեւանքներ կրնան ունենալ՝ յիշեցնելով Հրանդ Տինքի պարագան:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կոչին  կրնանք միանալ բոլորս, բարձրացնելով բողոքներու թիւը:
Յունաստանի մէջ եւս մարդոց ազատութեանց եւ իրաւունքներու պաշտպան տարբեր նախաձեռնութիւններ կոչեր կը յղեն ամէնուրեք, բարձրաձայնելով Ռակըպ Զարաքօլուի հալածանքի ենթարկուած ըլլալու պարագան եւ  պահանջելով իր ազատ արձակումը: