Հայկական քամանչային անդրադարձած է ռուսական “Արկումէ՛նթի Նի՛ծիէլլի” պարբերականը: “Լարային աղեղնաւոր այս գործիքին վրայ  կը նուագեն Տաղստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Յունաստանի, Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու ազգային երաժիշտները: Հայկական քամանչան “ազգակից է” արաբական ռեպապին, միջնադարեան եւրոպական ռեպեքին, ֆրանսական բոշեդին, պուլկարական կատուլգային:

Կ’ըսեն, որ Սդրատիւարիուս եւ Կվարների իրենց եզակի ջութակները պատրաստած են` ուսումնասիրելով այս հին, առնուազն 9րդ դարէն ետք ազգային գործիքը”,– կը գրէ պարբերականը եւ կը ներկայացնէ յայտնի հայ քամանչահար Ալեքսանդր Մովսիսեանի հետ հարցազրոյցը:

“7ամեայ Ալիկը գիտէր բազմաթիւ հայկական երգեր: Եւ երբ տղուն տարած էին երաժշտական դպրոցի ջութակի դասարան, խելամիտ ուսուցիչները անոր խորհուրդ տուած էին զարգացնել ազգային երաժշտութեան հանդէպ սէրը: Արդէն կէս տարի անց՝ Սաշա Մովսիսեան գնաց ուսուցիչի մը մօտ, որ անոր սկսաւ քամանչայի վրայ նուագել սորվեցնել: Եւ, իրօք, ալ ուրիշ ինչ գործիքի վրայ պէտք է նուագէր Ղարաբաղի մէջ ծնած երեխան”,– կը գրէ պարբերականի թղթակիցը:
Երեւանի երաժշտանոցին մէջ ուսանելէ ետք՝ ան տեղափոխուած է ռուսական Ելեց քաղաք, ուր մինչ այսօր կը դասաւանդէ տեղի պետական համալսարանին մէջ: Եւ որպէսզի ընդհանուր լեզու գտնէ ռուս հանդիսատեսի հետ, սկսած է քամանչայի վրայ հին ռոմանսներ, ջութակի համերգներ նուագել: Իսկ միջազգային մրցոյթի մը մէջ անոր “կրան փրի” մրցանակ բերած էր Ռիմսքի Գորսագովի “Սալդան թագաւորի հեքիաթը” օփերայէն “Իշամեղուի թռիչքը” երաժշտական հատուածի կատարումը՝ քամանչայի վրայ:
“1984էն ես կը նուագեմ միայն սեփական ձեռքերով սարքած գործիքներու վրայ: Աշխատած եմ պետական վեց խումբերու մէջ, շատ շրջագայած եմ եւ շատ շուտ հասկցած եմ, որ արժանապատիւ կրնաս նուագել միայն կատարեալ գործիքի վրայ, աւելի ճիշդ այն գործիքին վրայ, որ կրնայ բաւարարել քու բոլոր պահանջներդ”,– պատմած է Մովսիսեան:
Մովսիսեան իր քամանչաները կը պատրաստէ ծիրանի ծառի բնափայտէն, որ կը բերէ հայրենի Ղարաբաղէն, կամ Հայաստանէն:
“Վիրթուոզ կերպով տիրապետելով հայկական քամանչային` երաժիշտը կը վստահեցնէ, որ ինքը բացարձակապէս ռուսական մտածելակերպ ունի, որ ձեռք բերած է շնորհիւ ղարաբաղեան մանկութեան, երեւանեան պատանեկութեան,  հետագայ ռուսական կեանքին ընդ-մէջէն ”,– կ’եզրափակէ թղթակիցը:

Tert.am