Փարիզի մէջ իրականացող գրքի միջազգային 32-րդ ցուցահանդէսին ընթացքին, խումբ մը հայ երիտասարդներ բողոքի ցոյց կատարեցին Թուրքիոյ տաղաւարին մօտ, ի նպաստ բանտարկուած Ռակըպ Զարաքօլուի լոզունգներ բացագանչելով եւ Թուրքիոյ մէջ ազատութիւններու ոտնահարման դէմ բողոքելով:
Հաւաքուած երիտասարդութիւնը հնչեցուց «Ոչ ժխտողականութեան», «Ազատութիւն Զարաքօլուի», «Ազատութիւն բանտարկուած լրագրողներուն», «Դադրեցնել «Պելկէ» հրատարակչութեան դէմ ճնշումները» կարգախօսները։
Մինչդեռ Թուրքիոյ տաղաւարի պատասխանատուները բողոքած են, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը անվտանգութեան որեւէ միջոցառում չէ իրականացուցած: Ներկայ եղող ժողովուրդը ծա-փահարութիւններով մասնակցած է հայ երիտա-սարդներու ցոյցին:
Ինչպէս ծանօթ է, թուրք գրող, հրապարակախօս, հրատարակիչ, իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու ձերբակալուած է «Քիւրտիստանի հասարակութիւններու միութեան» հետ գործակցելու ամբաստանութեամբ: Ան անցեալին եւս հալածանքի ենթարկուած է Թուրքիոյ մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր հրատարակած գիրքերուն պատճառով:
Ինչպէս կը նշէ CNN Turkը դատախազ Ատնան Չիմենի կողմէ պատրաստուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ Ռակըպ Զարաքօլուի եւ փրոֆ. Պուշրա Էրշանլըի (որ նոյն օր ձերբակալուած էր) հետ միասին 193 մեղադրեալ կայ, որոնցմէ 147ը արդէն ձերբակալուած եւ կալանաւորուած են:
Եթէ Զարաքօլուի մեղադրանքը հաստատուի ան պիտի դիմագրաւէ 7.5-15 տարուան բանտարկութեան վճիռ: