Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2012-ի երեկոյեան, Տուպայի «Ալ Պուսթան Ռոթանա» պանդոկի «Ռաշիտիյա» շքեղ հիւրասրահին մէջ, «Մեսրոպեան՝ կրթութեան արժանավայել կառոյցը» կարգախօս-պաստառին ներքեւ,

տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցող բարեսիրական ընթրիքը, ներկայութեամբ 330 հրաւիրեալներու, որոնց շարքին էին Տուպայի հայ գաղութի գործօն դէմքեր, Տուպայի տեղական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Տուպայի Լիբանանի գաղութի ներկայացուցիչներ։
Ընթրիքին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ պրն. Վարուժ Ներկիզեան: Ան հաստատեց, որ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցութիւնը կրթութեան զարգացման եւ տարածման նպաստող մարդկային քայլ է:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ շեշտեց, թէ կրթութիւնը համամարդկային զարգացման գրաւականն է։ Ան աւելցուց, որ քաղաքակիրթ սերունդները միայն կրնան ապահովել աշխարհին խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ գործակցութիւն։
Պրն.Կրէկուար Գալուստ հաստատեց, որ այս բոլորը կ'իրականան շնորհիւ վարժարանի բարերարներուն, որոնց մէջ իր յատուկ եւ կարեւոր տեղն ու արժէքը ունի պրն. Վարուժ Ներկիզեանը։
Պատգամներէն ետք, բեմ բարձրացաւ Անգլիայէն յատուկ հրաւէրով Տուպայ Ժամանած արուեստագէտ մենակատար Գեւ Օրգեան, որ շուրջ մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Նշեալ բարեսիրական ընթրիքը իր բնոյթով, տարողութեամբ, աշխարհագրական դիրքով եւ նուիրատուութիւններով 73-ամեայ վարժարանի պատմութեան մէջ արձանագրեց նոր եւ փառապանծ էջ մը, որ հիմք պիտի հանդիսանայ յառաջիկայ նուաճումներուն, եւ որ ապացոյցն է շրջապատին մէջ Մեսրոպեանին նկատմամբ ստեղծուած վստահութեան: